29 Դեկտեմբերին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպումէն ետք, վերջինս միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յիշեցուցած է, որ 2020-ին կ’ամբողջանայ երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակը, իսկ 2021 թուականին՝ Մոսկուայի համաձայնագիրին ստորագրման 100-ամեակը:
Չաւուշօղլու աւելցուցած է, որ բացի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ երկկողմանի յարաբերութիւններէն, քննարկուած են նաեւ շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի առնչուող:
Թուրք նախարարը շեշտած է, որ առայժմ շրջանային հարցերու շուրջ երկու երկիրներու գործակցութեան հետեւանքով ձեռնարկուած քայլերը շօշափելի արդիւնքներ տուած են:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ զինադադար հաստատուած է: Տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն: Կը ստեղծուի միացեալ հսկողութեան կեդրոն, որ շուտով պիտի գործէ: Մեր նպատակն է այստեղ հասնիլ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան, որուն համար մենք պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք մեր բոլոր կարելիութիւնները, ներառեալ «Մեծ վեցեակ»ի ձեւաչափը, եւ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին վստահութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ: Կը հաւատամ, որ անմիջապէս այդ քայլերը կը կատարուին, մենք պիտի հաստատենք տեւական խաղաղութիւն, եւ ատով պիտի կարգաւորուին շրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները… Մեր նախագահը եւ մենք բազմիցս ըսած ենք, որ եթէ այս հոլովոյթը ընթանայ իր հունով, եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ, մենք պիտի կարենանք կարգաւորել Թուրքիա-Հայաստան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները: Ատիկա այն է, ինչ որ պէտք է կատարուի: Մենք այս հարցին շուրջ մեր աշխատանքը պիտի համակարգենք Ատրպէյճանի հետ: Ռուսիոյ հետ մեր համագործակցութիւնը այստեղ կարեւոր է: Մենք իսկապէս կը ցանկանք տեսնել այդպիսի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, որպէսզի խաղաղութիւն, կայունութիւն, տնտեսական զարգացում ըլլայ, որպէսզի մեր առաքելութիւնները հետագային ստիպուած չըլլան այնտեղ խաղաղութիւն հաստատելու եւ վերահսկելու», յայտնած է Չաւուշօղլու: