«Երկիր».-Wargonzo նախագիծին շուրջ` Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի աշխատակազմին աղբիւրներէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը նոյնպէս կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա:
Բանակցութիւններուն նիւթը կրնայ լինել Ատրպէյճանի կողմէն վերահսկուող տարածքներու ու Նախիջեւանի միջեւ միջանցքի բացումը:
Երթեւեկային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման մասին համապատասխան կէտը ներառուած է 9 Նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ: Այնուամենայնիւ, յատուկ ձեւաչափեր տակաւին մշակուած չեն: