«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան` պատասխանելով  «Ինեթրֆաքս»-ի հարցումներուն յայտնեց, որ  9  Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ ուղղուած էր հրադադար հաստատելու եւ Արցախ ռուս խաղաղապահներ տեղակայելու, չ’արձանագրեր որեւէ համաձայնութիւն Արցախի կարգավիճակին գծով:

«Ի․»-Ատրպէյճանի ԱԳՆն  յայտարարութիւն տարածեցոր ՀՀ ԱԳ նախարարի այցելութիւնը Արցախ 9 Նոյեմբերի  յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները կը խախտէի՞նչ պարտաւորութիւններու մասին է խօսքը:

Ա․Ն․- Այդ պնդումները ամբողջովին սին եւ հիմնազուրկ են: 9 Նոյեմբերի  յայտարարութիւնը որեւէ սահմանափակում չի մտցներ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր մակարդակներով կապեր հաստատելու համար: 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ ուղղուած էր հրադադար հաստատելուն եւ Արցախ ռուս խաղաղապահներ տեղակայելուն, չ’արձանագրեր որեւէ համաձայնութիւն Արցախի կարգավիճակին համար: եւ այդ տեսակէտէն  բոլոր պնդումները, որ Արցախի կարգավիճակին համար տեղի  ունեցած են փոփոխութիւններ, իրականութեան չեն համապատասխաներ:

Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի խաղաղ գործընթացի հետեւանքով` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէն առաջարկուած սկզբունքներու, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ:

«Ի․»- Հայկական կողմը ինչպէ՞ս  կ’արժեւորէ 9 Նոյեմբերի  եռակողմ յայտարարութեան կատարման ընթացքը Ատրպէյճանի կողմէն:

Ա․Ն․-9 Նոյեմբերի  յայտարարութեան պարագային դադրեցան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, եւ Արցախի մէջ տեղակայուեցան ռուս խաղաղապահներ: Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական կողմը խախտած է եւ կը շարունակէ խախտել եռակողմ յայտարարութեան շարք մը առանցքային դրոյթներ:

Այսպէս` եռակողմ յայտարարութեան առաջին կէտին համաձայն կողմերը պէտք է կանգ առնեն 10 Նոյեմբերի  դրութեամբ իրենց կողմէն գրաւուած դիրքերէն եւ աւարտեն ռազմական գործողութիւնները: Սակայն ատրպէյճանական կողմը հրադադարի հաստատումէն աւելի քան մէկ ամիս վերջ ռազմական գործողութիւններ  իրականացուցած է Արցախի Հադրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերու ուղղութեամբ` պատճառելով մարդկային կորուստներ եւ գերեվարելով տեղւոյն գտնուող հայ զինուորական ծառայողները: ՀՀ ԱԳՆ-ն անդրադարձած է յայտարարութեան այդ կոպիտ խախտումին իր 13 Դեկտեմբերի  յայտարարութեամբ:

Ատրպէյճանական կողմը մինչ օրս ամբողջովին չի կատարեր եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտը, որուն համաձայն պէտք է տեղի ունենայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու փոխանակում: Ուստի ազատ չեն արձակուած հայ ռազմագերիներն ու պատանդի կարգավիճակով յայտնուած անձեր: Աւելին, ատրպէյճանական կողմը քրէական գործեր կը կատարէ  հայ ռազմագերիներուն հանդէպ եւ ամենաբարձր մակարդակով անոնց կը ներկայացնէ իբրեւ ահաբեկիչներ` փորձելով խոչընդոտել 9 Նոյեմբերի  եռակողմ յայտարարութեան ամբողջական կատարումը:

Ատրպէյճանական կողմէն 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան խախտումներու դադրեցումը անհրաժեշտ է եռակողմ յայտարարութեան լիարժէք իրականացումին համար: