Կ’աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ’աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
վեր բարձրանան եւ ամպանան
ծածկեն գունտն այս ապականած
ու վար ցօղեն դանդաղօրէն եւ համօրէն
իջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,
մաքրեն մաղձը ու նախանձը
մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։
Կ’աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ’աղօթեմ, Տէ՜ր…
             Սերմերու պէս դաշտին նետուած
             ԽՈՀը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մարդու
             եւ տաս անոր գիտակցութիւն՝
             վեհին անեղծ
             եւ վսեմին սրբամաքուր։
Կ’աղօթեմ, Տէ՜ր…
Որ մարդուն մէջ,
– կաւովն ափիդ մարդկայնացած-
Որ մարդուն մէջ,
– Քու պատկերով ճիշդ քանդակուած-
Որ մարդուն մէջ,
– ՄԱ՛ՐԴԸ… ՄԱ՜ՐԴԸ չմահանայ…
Կ’աղօթեմ, Տէ՜ր…
Հրանդ  Մ. Մարգարեան 
Դեկտեմբեր 9, 1996
Քանկըրս, Նիւ Եորք
Ծանօթ-  Սոյն բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը յօրինեց Հայր Մեղրիկ Բարիկեան, այժմ եպիսկոպոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան, յԱնթիլիաս, Դեկտեմբեր 1998-ին եւ որը վերանայած է Օգոստոս 1, 2018-ին յԱնթիլիաս:
ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝  «ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Լաւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը կը ձե­ւա­ւոր­ուին խոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, որոնք ան­ծա­նօթ են զի­րենք ստեղ­ծող գրողնե­րու գի­տակ­ցա­կան աշ­խար­հին: Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ կան, որոնք պատ­կեր­ներ կը բո­վան­դա­կեն, յարաբերութիւն­ներ կը մշա­կեն եւ հն­չիւ­նա­յին հա­մա­կար­գեր կը ստեղ­ծեն: Ասոնք դժ­ուար կը հասկց­ուին առա­ջին ընթեր­ցու­մով, կամ՝ խտա­ցած հիւս­ուած­քով ուղ­ղա­գիծ տրա­մա­բա­նու­թեամբ:
Մար­գար­եա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը կը սկ­սի աղօթ­քով, որ՝ … ծա­ռե­րը չմա­հա­նան:
«Ծա­ռե­րը» բա­ռը երեք բա­ղա­ձայն կը բո­վան­դա­կէ: Առա­ջի­նը պայ­թու­ցիկ «ծա»ն է, երկ­րոր­դը, զօ­րա­ւոր թր­թի­ռով «ռա» տառն է, որ կը խարս­խէ «ծա­ռե­րը» բա­ռին պատ­կե­րը:
Երկ­րորդ տո­ղը կրկ­նու­թիւնն է առա­ջի­նին, սա­կայն բա­նաս­տեղ­ծը այս ան­գամ կ’աղօ­թէ, որ՝ սէ­րե­րը չմա­հա­նան: «Ծա­ռեր» բա­ռին հա­ման­ման այս բա­ռը, «սէ» եւ «րէ» տա­ռե­րով  կը մեղ­մաց­նէ նախ­կի­նին մէջ նշ­ուած բա­ղա­ձայ­նա­յին կարծրութիւն­նե­րը՝ զա­նոնք վե­րա­ծե­լով մեղմ հն­չոյթ­նե­րու, ե՛ւ էու­թեամբ, ե՛ւ ստո­րա­դա­սու­թեամբ:
Ծա­ռե­րը ջու­րով կը սնա­նին, եւ սէ­րը, բա­նաս­տեղ­ծու­թեան առա­ջին տան մէջ, կը դառ­նայ ջուր, կը դառ­նայ ամպ, եւ երկրա­գուն­դին վրայ ցoղե­լով կը մաք­րէ եւ կը սնու­ցա­նէ մար­դուն ոգե­կան էու­թիւնը:
Առա­ջին մա­սի երաժշ­տա­կան աւար­տին, բա­նաս­տեղ­ծը կը հրամց­նէ իր երկ­րորդ պատ­կե­րը, որը նոյն­պէ՛ս, անձ­րե­ւի՝ դէպիվար հոս­քին նման, կր­կին կը կամրջ­ուի «ծառ» բներ­գին՝ այս ան­գամ ցան­ուած սեր­մին հետ իմաս­տու­թիւն եւ լուսաւոր­ուած խղճմ­տու­թիւն մա­տու­ցե­լով մարդ արա­րա­ծին:
Մենք բա­նա­կա­նօ­րէն մտա­յին հունտ կը ցա­նենք, որ կ’աճի եւ դէ­պի վե՛ր կը սլա­նայ մեր գի­տակ­ցու­թեան մէջ: Եւ այս­պէս, Մար­գար­եան իր գրու­թեան երկ­րորդ տու­նով,  անձ­րե­ւի դէ­պի վար հոս­քի ուղ­ղու­թիւնը կը փո­խէ դէ­պի վե՛ր՝ «վեհ» եւ «վսեմ»… բա­ռե­րով: Վեր­ջին եր­կու բա­ռե­րը քրիս­տո­ն­է­ա­կան սր­բու­թեան խորհր­դան­շան­ներ կը մատ­նան­շեն… անեղծ, սրբա­մա­քուր…:
Դէ­պի վեր սլաց­քը մե­զ դէ­պի Աստ­ուած կը տա­նի, կեր­տո­ղը մարդ արա­րա­ծին, այն արա­րա­ծին, որ ծա­ռե­րու նման կա­ւով կամ կա­ւին մէջ կազմ­ուած է: Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը կ’աւար­տի աղօթ­քով՝ որ մարդ արա­րա­ծը չմա­հա­նայ – բա­ռացի­օ­րէ՛ն:
«Մար­դուն մէ­ջի մար­դուն մա­հա­ցում» ար­տա­յայ­տու­թիւնը տրա­մա­բա­նա­կան մեղմ հա­կադ­րու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ: Ինչպէ՞ս կա­րե­լի է իք­սի մէ­ջի իք­սը մա­հա­նայ, առանց ամ­բող­ջա­կան իք­սը մա­հա­նա­լու: Lե­տա­գայ տո­ղե­րը աա­կայն եւ բանաս­տեղ­ծու­թեան հո­լո­վոյ­թը կը լու­սա­բա­նեն այս հար­ցադ­րու­մը եւ կը լու­ծեն հա­կադ­րու­թիւնը:
Մար­դը նուաս­տա­ցած էակ է առանց կա­րեկ­ցու­թեան ջու­րին եւ լու­սա­ւո­րու­թեան հուն­տին: Առանց անոնց, ան չի կր­նար հաս­նիլ մարդ­կա­յին կա­րո­ղա­կա­նու­թեան իս­կութ­եան: Կա­րեկ­ցու­թիւնն եւ լու­սա­ւո­րու­թիւնը վե­րուստ տր­ուած պարգեւներ են, եւ որոնց կա­րե­լի է հաս­նիլ միմ­իայն աստ­ուա­ծա­յին շնորհ­քով, որ կը տր­ուի ի պա­տաս­խան աղօթ­քի աղեր­սին:
Հո­մե­րոս­եան իս­կու­թեան տե­սու­թիւնը, մար­դը կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս ծառ: Ծա­ռին փո­փո­խուող տե­րեւ­նե­րը իր սերունդներն են, իսկ ճիւ­ղե­րը, իր զա­ւակ­նե­րը. իսկ պա­տե­րազ­մը, սուր կա­ցին է, որ սա­րե­րուն վրա­յի կաղ­նի­նե­րը կը հատէ:
Երբ մար­դը կը ձա­խո­ղի մարդ ըլ­լա­լէ, պա­տե­րազ­մե­լու կը դի­մէ:
Մար­գար­եան իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ ներ­մու­ծած է հին հն­դեւ­րո­պա­կան՝ մարդ-արա­րած-ծառ յա­րակ­ցու­թիւնը, որ կը բա­ցա­յայտ­ուի նա­եւ հայ­կա­կան աւան­դու­թ-եան՝ «ծառն կե­նաց» բա­ռակ­ցու­թեամբ: Մար­գար­եան ներ­մու­ծած է նա­եւ Քրիս­տո­ն­է­ա­կան խոր­հուր­դը՝ զայն  դր­սե­ւո­րե­լով մտա­յին, կա­ռուց­ուած­քա­յին եւ լեզ­ուա­կան հն­չե­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րով:
Այս փոք­րիկ գլուխ գոր­ծո­ցը իր ար­ժա­նի տե­ղը կը գրա­ւէ Հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ան­դաս­տա­նին մէջ:
Քսա­նե­րորդ դա­րու շա­րա­կան մըն է այս բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը եւ աղօթք՝ յա­ջորդ հա­զա­րամ­եա­կին հա­մար:
Փրոֆէսօր Ճէյմս Րապըրթ Րասսըլ
Հարվըրտ Համալսարան, ԱՄՆ
Հոկտեմբեր 1997
Փրոֆէսօր Ճէյմս Րասսըլ շրջանաւարտ է ՆԵ-ի Քոլոմպիա Համալսարանէն: Տոքթորայի թէզը պաշտպանած է Լոնտոնի Համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան Բաժանմունքին մէջ: Դասաւանդած է Քոլոմպիա Համալսարանէն ներս, ապա ստանձնած է Փրոֆէսօրի պաշտօն Երուսաղէմի Հիպրու Համալսարանին մէջ:
1993 – 2016 Պաշտօնավարած է Հարվըրտ Համալսարանէն ներս, որպէս Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Փրոֆէսօր, Մերձաւոր Արեւելքի Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութեան Բաժանմունքին մէջ: Վարչական անդամ է՝ Տէյվիս Կեդրոնի Ռուս եւ Եւրոասիական Բաժանմունքին մէջ: Փրոֆեսոր է նաեւ Հին Մերձաւոր Արեւելքի, Իրանական եւ Հայկական Կրթական Բաժանմունքին մէջ:
Համաշխարհային համբաւ վայելող գիտնականը, բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններու տէր է եւ հեղինակ վեց համաշխարհայնօրէն ընդունուած անկիւնադարձային գիրքերու:
Ներկայիս կ’ապրի Ֆրէզնօ, ԱՄՆ, ուր կը շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները: Ան նաեւ այցելու փրոֆէսօր է կարգ մը համալսարաններու մէջ։
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»