44 օրեր պատերազմ շղթայազերծած, ժամանակակից զէնքերու եւ գերպատրաստուած բանակի գրեթէ բոլոր կարելիութիւնները օգտագործած, ահաբեկիչ վարձկաններ ներգրաւած, ապատեղեկատուութիւն տարածած, միջազգային օրէնքի եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի կոպիտ խախտումներ կատարած, պատերազմական ոճիրներ գործած, կրթամշակութային, կրօնական ու քաղաքացիական կալուածներ հարուածած, քաղաքացիներ սպանած, առեւանգած ու խոշտանգած ու Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը կոպտօրէն խախտած Ատրպէյճանն ու Թուրքիան 10 Դեկտեմբեր 2020-ին լկտիաբար ու համայն աշխարհին լուռ ու անտարբեր պահուածքին դիմաց «յաղթանակի շքերթ» կազմակերպեցին Պաքուի մէջ: Շքերթի ընթացքին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն ելոյթները միջազգային ընտանիքին ու յատկապէս հայկական շրջանակներուն մօտ լրջօրէն անհանգստանալու, անոնց քննարկումները դրժելու, դատապարտելու եւ ապագայի ընելիքները ըստայնմ ծրագրելու անհրաժեշտութիւն կը ստեղծեն:
Ատրպէյճանի նախագահի մեծամտական, հռետորաբանական, միջազգային օրէնքն ու համաշխարհային կարգը (global order) անտեսող, ուժն ու պատերազմը արդարացնելու ձգտող, ինչպէս նաեւ պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրող ու նենգափոխող ելոյթին մէջ ուշագրաւ էին հետեւեալ կէտերը.-
Ա. Ալիեւ բարձր գնահատեց Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութիւնն ու իրեն նեցուկ եղած ըլլալը վերջին պատերազմին: Ան Թուրքիոյ ցուցաբերած զինուորական, քաղաքական ու դիւանագիտական աջակցութիւնն ու պատերազմի մասնակցութիւնը թուրք եւ ազերի ժողովուրդներու միասնութեան եւ եղբայրութեան պարունակին մէջ դրաւ:
Բ. Զանգեզուրը, Երեւանը եւ Գեղարգունիքը ազերիական պատմական հողեր նկատեց, որոնց վրայ, ըստ իրեն, դարեր շարունակ ազերիներ ապրած են:
Գ. Բարձր գնահատեց Ատրպէյճանի վերջին տարիներու զարգացումը, բանակաշինութիւնը եւ դիւանագիտութեան մէջ արձանագրած ձեռքբերումները: Ան մէջբերեց ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու կողմէ որդեգրուած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չխախտելու միտող ազերիանպաստ կեցուածքներն ու որոշումները:
Դ. Մեղադրեց վերջին երկու տարիներու ՀՀ իշխանութիւնները՝ բանակցութիւնները տապալելու, սադրիչ յայտարարութիւններ ընելու եւ կեցուածքներ որդեգրելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ հայութեան կողմէ Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքները պատերազմական ոճիր նկատեց:
Ե. Ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն շնորհիւ, ընդամէնը 44 օրուան մէջ հայոց բանակը տկարացաւ ու կազմալոյծ դարձաւ ու հայոց բանակի անպարտելութեան թէզը դրժուեցաւ:
Զ. Հակառակ Արցախեան հարցի առնչակից կողմերու պնդումներուն, որ զինուորական լուծում չկայ այս հակամարտութեան աւարտին, Ատրպէյճան փաստեց, որ կարելի է զինուորական միջոցներով լուծումի հասնիլ:
Է. Պատմական իրողութիւն է այս յաղթանակը Ատրպէյճանի համար, որուն ան կը պատրաստուէր անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին:
Հետաքրքրական է, որ Ալիեւ իր ելոյթին մէջ ո՛չ մէկ ձեւով կ’անդրադառնայ ռուսական խաղաղապահ զօրքերու ներկայութեան, կործանարար յայտարարութեան մնացեալ կէտերուն, Մինսքի համանախագահող խումբին նոր կացութեան լոյսին տակ ստանձնելիք դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի կարգավիճակին:
Գալով Էրտողանին, ան իր խօսքին մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Ատրպէյճանին եւ հաստատեց, որ թուրք-ազերիական յարաբերութիւնները Ալիեւի հօր յայտարարած «Երկու պետութիւն, մէկ ազգ» կարգախօսով կ’առաջնորդուին, եւ այնքան ատեն որ երկու երկիրները իրարու թիկունք կու տան, բոլոր մարտահրաւէրները յաջողութեամբ կը դիմագրաւեն: Էրտողանի պնդումով՝ «պայքարը, որ քաղաքական եւ զինուորական միջոցներով կը ծաւալէր, չէ աւարտած եւ պիտի շարունակուի տարբեր ճակատներու վրայ»: Ան մեղադրեց ու այպանեց Մինսքի համանախագահներու խաղաղութեան գործընթացը, դատապարտեց Ֆրանսայի սենատին կողմէ վերջերս ընդունուած Արցախի ի նպաստ բանաձեւը եւ կոչ ուղղեց Հայաստանին ու Ատրպէյճանին վերանայելու իրենց յարաբերութիւններուն, որովհետեւ «կայսերապաշտ արեւմուտքի զառանցանքէն» բան կարելի չէ քաղել եւ որ կարելի է նոր ժամանակաշրջան սկսիլ, եթէ «Հայաստան դասեր քաղէ Արցախի մէջ պատահածէն»:
Աւելին, Էրտողան սադրիչ մէկ արտայայտութեամբ ըսաւ. «Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստան կը ձերբազատի Սփիւռքի կապանքներէն, որոնք զինք աղքատութեան մատնեցին՝ մխիթարելով անցեալի սուտերով»: Ան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Եթէ Հայաստան հրաժարի իր անիրատեսական յաւակնութիւններէն, ան կրնայ օր մը մաս կազմել մեր տարածաշրջանային դաշինքներուն: Մենք ոչնչացուցինք անոնց  (հայկական) բանակը եւ ապա կոչ ուղղեցինք Հայաստանին համագործակցելու մեզի հետ»: Տարածաշրջանային խաղաղութիւն հաստատելու ձգտող վեց երկիրներէ կազմուած հարթակ մը ստեղծելու առաջարկի մը եւս անդրադարձաւ Էրտողան եւ աւելցուց որ եթէ Հայաստանի կողմէ «դրական քայլեր» առնուին, Թուրքիա կրնայ սահմանը բանալ Հայաստանի հետ:  Դժուար չէ ենթադրել, թէ «անիրատեսական յաւակնութիւններ» եւ «դրական քայլեր» ըսելով Էրտողան ի՞նչ պայմաններու, յաւակնութիւններու եւ քայլերու կ’ակնարկէ: Էրտողանի համար Հայաստանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացէն հրաժարիլը (ներառեալ հողային պահանջատիրութիւնն ու Սեւրի դաշնագիրին տրամադրութիւնները), Արցախն ու Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնը ազերիներուն քմահաճոյքին յանձնելը, Թուրքիան պատմական պատասխանատուութեան ենթարկելէ հրաժարիլը ու նաեւ հայութեան եւ հայոց պետականութեան գոյութեան հաշուոյն փանթուրանական ծրագիրին իրականացումը «դրական քայլեր» կը նկատուին Էրտողանին ու թրքական քաղաքական վերնախաւին համար:
Ալիեւի եւ Էրտողանի վերոնշեալ յայտարարութիւնները խոր վերլուծութեան կարիք չունին հասկնալու համար անոնց հայատեաց քաղաքականութիւնը, ներկայի ու ապագայի ծրագիրները: Այս կեցուածքները անգամ մը եւս յստակօրէն կը հաստատեն, որ հայ ժողովուրդն ու հայոց պետականութիւնը գործ ունին իրենց արեւելեան եւ արեւմտեան սահմանները զբաղեցնող այնպիսի իշխանութիւններու հետ, որոնք պատմական, շարունակական ու համակարգուած (systematic) ձեւով թշնամանք, ատելութիւն կը քարոզեն ու կը գործադրեն, պատրաստ չեն իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան նպաստելու:
Ալիեւն ու Էրտողանը ժառանգորդներն ու աշխոյժ սպասարկուներն են փանթուրանական ծրագիրին իրագործման, ծաւալապաշտական թրքացեղ կայսրութիւն ստեղծելու եւ հայկական տարրը տարածաշրջանէն վերացնելու գործին: Անոնք ո՛չ միայն հետաքրքրուած չեն կայուն ու մնայուն խաղաղութեամբ ու հաշտութեամբ, այլեւ բացայայտ նկրտումներ ու ծրագիրներ ունին Արցախի կողքին, ներկայ Հայաստանը գրաւելու եւ նոր պատուհասներ պարտադրելու հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, անոնք որոնք կը հաւատան, թէ այս ծանր փուլին կարելի է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բարի դրացիական ու արդար յարաբերութիւններ հիմնել, անկեղծ ըսենք՝ ինքնախաբէութեամբ կը զբաղին ու նաեւ կը վնասեն մեր ազգային անվտանգութեան: Բնական ու հրամայական է, որ բոլորս ձգտինք խաղաղութեան ու բարի դրացիութեան, բայց երբ կողմերուն միջեւ ուժերու կտրուկ անհամաչափութիւն կայ, երբ յաղթող ու պարտուող կողմեր կան, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, երբ պատմական անարդարութիւններուն վրայ նո՛ր ու ողբերգական անարդարութիւններ կ’աւելնան, երբ մէկ կողմը հարցերու լուծման ձգտելու փոխարէն, ուժի եւ ապօրինի միջոցներով աւելի կործանարար ու թշնամական ծրագիրներ կը գործադրէ, երբ այդ կողմը պատրաստ չէ երկխօսութեան ճամբով սխալները ընդունելու, փոխհատուցելու, վնասները վերացնելու, նորերը կանխարգիլելու եւ հաշտութեան գործընթացէ անցնելու, այդ ձգտումը կը մնայ լոկ իտէալական երազ եւ անիրատեսական մօտեցում:
Առ այդ, սթափ եւ իրատեսական մտածողութեան ու մանաւանդ առանց ժամանակ վատնելու գործի անցնելու, միասնականօրէ՛ն ու մեր ազգային-պետական շահերէն բխած ռազմավարութեամբ յառաջ ընթանալու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած է ամբողջ հայ ժողովուրդը: 9 Նոյեմբերի խայտառակ ու կործանարար յայտարարութենէն ետք, հայ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակները կոչուած են անկարելին կարելի դարձնել ու բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութեամբ թուրք-ազերիական ախորժակները զսպելու եւ յայտարարութեան կէտերը համաձայնագիրներու վերածելու գործընթացին մէջ հայանպաստ կէտեր արձանագրել: Իսկ հայոց բանակը, որպէս հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան հիմնական եւ առաջնային երաշխաւոր, դարձեալ առանց ժամանակի կորուստի, պարտաւոր է վերականգնիլ եւ ուժեղանալ, դիմադրելու համար ապագայի թուրք-ազերիական յարձակումները, կանխարգիլելու համար նոր պարտութիւնները, ինչու չէ նաեւ մեր վերջին կորուստները վերազատագրելու, վերականգնելու եւ հայոց սահմանները անառիկ պահելու:
Գէորգ Յակոբճեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»