«Արմէնփրէս».- Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն  տարածած է  Պաքուի մէջ հայկական ջարդերուն 31-րդ տարելիցին առիթով,  յայտնելով, որ
Արցախի դէմ Ատրպէյճանին սանձազերծած արիւնալի հակամարտութեան պատճառած վէրքերը բուժելու գործընթացին մէջ կարեւոր քայլ պիտի դառնար Պաքուի իշխանութիւններու կողմէն իրենց անմիջական պատասխանատուութեան ընդունումը հայ բնակչութեան դէմ իրագործուած զանգուածային յանցագործութիւններուն համար, ներառեալ` Յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերը, որ թոյլ կու տար արմատախիլ ընելու հայատեացութեան հետեւանքով յառաջացած բացասական երեւոյթները եւ նախադրեալներ ստեղծել տարածաշրջանի կայուն եւ տեւական խաղաղութեան համար: