Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին նիստին ընթացքին ներկայացուցած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան աջակցող պետութիւնները հարցաքըննելու անհրաժեշտութիւնը, պարտադրելով  զիրենք, որ դադրեցնեն միջազգային օրէնքը խախտող արարքները: Ճաաֆարի դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը այս հարցով ոչ մէկ քայլի դիմած է, ինչ որ կը խրախուսէ ահաբեկիչները կրկնապատկելու Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ իրենց ոճիրները: Ան շեշտեց, որ Սու-րիան իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ ժողովուրդը եւ սուրիական մշակոյթը ահաբեկչութենէն պահպանելու համար եւ տասնամեայ պատերազմէն ետք կը շարունակէ կառչած մնալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գաղափարին: Ճաաֆարի յայտնեց նաեւ, որ ԱՄՆ-ի առաջնորդութեամբ քրտական ՔԱՍԱՏ  խմբաւորումին հսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ հաստատուած են զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներն ու իրենց ընտանիքները, ինչ որ առիթ պիտի ընծայէ ահաբեկիչներու նոր սերունդի մը յառաջացման: