Կը կարդանք. «Շուռնուխի շրջանէն որոշ բաժիններ եւս կ’անցնին թշնամիին տիրապետութեան…»
Երբ որոշ շրջանի մը մասին տեղեկութիւն մը  յանկերգի նման կրկնուի, ինքնաբերաբար կը հետեւցնենք, որ «գլխուն գալիք մը կայ», եւ ահա եկաւ «գալիքը»…
«Գլխուն եկած»էն վերջ, հիմա քիչ մը, քանի մը օր կը խօսինք այդ մասին եւ ապա կը մոռնանք կամ կ’ընդունինք, դժուարութեամբ «կը կլլենք»  եղածը: Արդեօք իւրաքանչիւր  զիջում  այսպէ՞ս պիտի  պարտադրուի մեզի, եւ մենք դժկամելով, բարկութեամբ, անհանգստանալով ու ընբոստանալով՝ վերջապէս պիտի ընդունի՞նք եղածը, այսպիսով ստեղծելու նոր… սովորութիւն մը:
Ինչո՞ւ ազգովին այս կացութեան մէջ դրուած ենք այսօր: Ի՞նչ ձեւով վերջ պիտի տրուի այս իրավիճակին: Ազգային տագնապին դիմաց, ի՞նչ է մեր հաւաքական  պատկերացումը՝ եթէ  ունինք: Իբրեւ դարաւոր պատմութիւն կերտած ազգ, որ ունի հազարամեակներու արդար պայքարով եւ աշխատանքով ձեռք բերուած հայրենի հող եւ կ’ապրի անոր շատ փոքր մասին վրայ, նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք պահպանելու մեր իրաւունքները, միաժամանակ գիտակից՝ մեր պարտականութիւններուն:
Այսօր, վտանգուած է մեր երկրին եւ ազգին գոյութիւնը: Արդեօք ի վիճակի՞ ենք ազգի գոյութեան ի խնդիր պայքարելու (տակաւին չենք ըսեր կենաց մահու կռիւ մղելու): Մեր պատասխանատուութեան գիտակի՞ց ենք: Ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգին խորութիւնը ըմբռնելու իմաստութիւնը կամ զգօնութիւնը ունի՞նք: Գիտե՞նք մեր ընելիքը, եւ ո՛չ միայն խօսելիքը: Այս հարցումները դատապարտողի կամ քննադատողի մօտեցումով չենք արձանագրեր, անոնք անյապաղ  պատասխան պահանջող ու հաւաքական զօրաշարժ թելադրող հրամայականներ են:
Հետեւելով մայր բնութեան, կը նկատենք, որ անիկա կ’առաջնորդուի արդար օրէնքի մը համապատասխան եւ կ’ուղղուի դէպի կատարեալ հաւասարակշռութիւն ու ճշգրտութիւն: Մարդկային ու ազգային կեանքերն ալ, իբրեւ անբաժան մասնիկները մայր բնութեան, կ’ենթարկուին այդ սրբազան օրէնքին: Մեր ազգային կեանքին պատմութեան դաժան երեւոյթները կը կրկնուին, եթէ մենք չենք կրցած զանոնք վերածել ուսանելի դասերու: Միւս կողմէ, իբրեւ ազգ կամ երբեմն հաւաքականութիւն, նոյն տարրական սխալը կը կրկնենք ա՛յն պարագային, երբ չենք անդրադառնար կատարուածին: Այսպէս՝ սերտենք մեր պատմութեան ընթացքին կրկնուող երեւոյթներուն նրբութիւնները: Հոն պիտի գտնենք վրիպած եւ կրկնուած սխալներ եւ ապա՝ առանց առողջ քննադատութեան- քննարկումի անոնց յաջորդող փուլեր ու ժամանակաշրջաններ: Արդարօրէն կարելի է մտածել, թէ արդեօ՞ք ուրիշ ազգեր նոյն ընթացքին չեն ենթարկուիր, կամ արդեօ՞ք անթերի ու առողջ քննական ընթացքով կը կերտեն իրենց պատմութեան փառքը: Վստահաբար ո՛չ, սակայն անոնք յաճախ մեզի պէս անդունդի եզրին չեն կանգնիր, այսինքն՝ թուրքը անոնց գլխուն վերեւ չէ, կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլար ըսել՝ անոնց թշնամին թուրքը չէ: Հետեւաբար, մեր սխալը մեր ազգին համար տասնապատի՛կ ազդեցութեամբ կործանարար կը դառնայ: Անթոյլատրելի է սխալիլ, երբ կը գտնուինք անդունդի եզրին, իսկ մեր սորված պատմական դասերէն օգտուիլը լրջագոյն հրամայական է՝ օրհասական ու աղէտալի պահէն դուրս գալու համար:
Թէեւ բնական է, որ վերջին ծանօթ դէպքերէն ետք ապրինք հիասթափութեան եւ յուսահատական պահեր, բայց երբեք իրաւունք չունինք ընկրկելու ու անձնատուր ըլլալու: Մեր ազգը իր գոյութեան վիպական օրերը շատոնց ապրած է: Դեռահաս մը չէ, որ տարուի զգացական վերիվայրումներով ու խարխափի: Հասուն ու սպիտակահերի տարիք ունի ազգերու պատմութեան մէջ: Ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ՝ «Մեր գլխէն շատ տաք ու պաղ անցած է», հետեւաբար, կարգ մը սխալներ թոյլատրելի չեն մեզի: Կ’ապրինք այնպիսի օրեր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրէն, ինչո՞ւ չէ՝ մեր բոլորէն կը պահանջուին կատարեալ ուշադրութիւն եւ իմաստութիւն: Դոյզն անուշադրութիւնն անգամ այսուհետեւ կործանարար է այն պատառիկին համար, որ հարիւրամեակներու զոհողութիւններով ու արիւնով կերտուած ու պահպանուած է:
Ազգային հաւաքական անփութութեան եւ անհեռատեսութեան գինը շատ սուղ վճարեցինք, երբ փորձեցինք բնութեան արդար օրէնքը անտեսել, կամ կարճատեսօրէն՝ շրջանցել: Աչքաթող ըրինք մեր հայրենիքի սրբութիւնները ոտնակոխողներուն աններելի արարքները (չըսելու համար ուրիշ բան): Անգիտակ ու ոչ-մասնագէտ անձնաւորութիւններու յանձնեցինք ճակատագրական որոշումներու գոյացման պարտականութիւնը: Երբեմն նոյնիսկ մեր սեփական շահերը մեզ թելադրեցին ըսել՝ «Ինծի ի՛նչ. ի՛նչ կ’ուզեն՝ թող ընեն»:  Այս տրամաբանութիւնը յաճախ իբրեւ լօզունք գործածեցինք, պատճառաբանելով՝ «Մեր ձեռքէն բան չի գար, թող իրենք մտածեն, պահանջեն, պաշտպանեն…», որովհետեւ կարծէք թէ այս կեցուածքը մեզի ալ ձեռնտու էր…: Իսկապէս որ… Ո՞վ պիտի խանգարէ իր տաքուկ ու ապահով նստավայրը: Հաւաքականօրէն հաշիւ չպահանջեցինք հայ ազգին պատմութիւնը նսեմացնել փորձողներէն: Ազգովին չսաստեցինք ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն հրաժարողները: Մեղմ եւ սոսկ անհատական արձագանգներու սահմաններուն մէջ պահեցինք կրօնքն ու մշակոյթը նուաստացնողները սանձելու արարքները: Հետեւաբար, պէտք չէ շատ զարմանալ այսօրուան իրավիճակէն: Մեր սնուցածն է, որ հիմա կը վերադառնայ մեզ յօշոտելու: Մեր հաւաքական երէկը մեզ հասցուց այսօրուան վիճակին, ու չենք գիտեր թէ ո՛ւր պիտի հասցնէ մեզ եւ ե՞րբ կանգ պիտի առնէ…:
Խօսի՞նք, եւ ի՞նչ՝ անոնց մասին, որոնք լիովին հաւկուր դարձած են այսօր: Անոնց ազգային խղճին սլաքը շատոնց բթացած է, երբ անոր կողմնացոյցը Թուրքիոյ հետ բաց սահմանի դարպասները ծեծած է՝ ի գին ազգային արժանապատուութեան:
Ո՛չ, ամէն բան մութ չէ, ամէն բան անգոյն պէտք չէ տեսնել: Համոզուած ենք, որ ազգային մտածողութեան բիւրեղացումը հրամայական մըն է, որուն համար բազմամակարդակ եւ բազմակողմանի աշխատանք պէտք է տարուի այլազան ոլորտներու եւ մակարդակներու վրայ: Ազգային հաւաքական գիտակցութիւնն ու ազգային ոգին հիմնաքարերն են ազգ-հայրենիք տաճարին: Այս արժէքը կարելի չէ հիմնաւորել ազգային սովորական, զգացական երեւոյթներու դրսեւորումով, այլ մեր կամքը պէտք է խարսխուած ըլլայ ազգային հետեւողական տեսլականի վրայ, սեւեռած՝ հեռահաս ծրագիրներու եւ նպատակասլաց գործունէութեան ուղեգիծով:
Ազգայինը կրնանք պահել միայն ազգովին…
Թամար Թիւֆէնկճեան