Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2021-ին Սուրիական պաշտօնական պատկերասփիւռային կայանը ուղիղ եթերով սփռեց, տարիներ ետք առաջին անգամ ըլլալով Հալէպի Միջազգային Օդակայան ժամանած քաղաքային օդանաւին վայրէջքը։ Օդանաւը կը պատկանէր Սուրիական Թռիչքի Ընկերութեան եւ ժամանած էր Պէյրութէն։ Այս առիթով Սուրիոյ քաղաքային թռիչքի ընդհանուր տնօրէն երկրչփ. Պասէմ Մանսուր ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան որոշումով Հալէպի Միջազգային Օդակայանը այսօր բանիլ սկսաւ եւ տեղի ունեցաւ առաջին թռիչքը։ Ամիսներ առաջ, օդակայանը կարճ ժամանակուան համար բացուեցաւ, սակայն թռիչքներ տեղի չունեցան։ Ետքը պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով անգամ մը եւս փակուեցաւ։ Ան յայտնեց, որ օդակայանէն ներս պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման բոլոր միջոցները որդեգրուեցան եւ օդակայանը իր ամբողջ բաժիններով հականեխուեցաւ՝ քաղաքացիներուն առողջութեան համար։ Երկրչփ. Մանսուր շեշտեց, որ օդակայանի վերաբացումը պատճառ պիտի դառնայ տնտեսութեան բարելաւման եւ Հալէպի զբօսաշրջութեան նախկին յատուկ դիրքին վերականգման։