«Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան խորհրդարանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին, պատասխանելով Ատրպէյճանի  այն յայտարարութեան, որուն համաձայն հայ պաշտօնեաներ իրաւունք չունին այցելելու Լեռնային Ղարաբաղ, Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց հրաժարելու ռազմատենչ եւ հայատեաց հռետորաբանութենէն:

«9 Նոյեմբերի  յայտարարութիւնը որեւէ սահմանափակում չէ դրած եւ չի կրնար դնել հայ պաշտօնեաներուն, արտասահմանեան գործընկերներուն եւ որեւէ մարդու Արցախ այցելութեան: Հետեւաբար, մենք կը հրաւիրենք ատրպէյճանական կողմը` առնչուելու իրականութեան հետ, հրաժարելու ռազմատենչ եւ հայատեաց հռետորաբանութենէն եւ, եթէ իսկապէս պատրաստ է բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի ու Արցախի հետ, միասին աշխատելու եւ սկսելու բանակցութիւններու կարգավիճակին վերջնական յստակացման գործընթացը», ըսաւ Այվազեան: