Յաջորդաբար կը ներկայացնենք Յուշիկ Ղազարեանի անտիպ գործերէն. «Գ.»

 

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
… Եւ կը մնաս վերջապէս
Քու անձիդ հետ… մինակ
Սենեակին կիսամութին մէջ
Կ’ողջագուրուիք, կը համբուրուինք,
Իբրեւ հին բարեկամներ՝
Երկար ատեն, իրար կեանքէ բացակայ…
Յետոյ կը սկսիք մտերմիկ զրոյցի.
«Ինչպէ՞ս ես… լա՞ւ ես»։
Խօսակցութեան ճիշդ կիսուն
Երբ ան կը սկսի պատմել
Արկածներն իր անցեալի,
Յանկարծ կ’անդրադառնաս՝
Թէ խօսակիցդ չես ճանչնար
Օտար է ան քեզի
Իր գաղափարներով խենթ
Եւ արարքներով անիմաստ,
Օտար է իր սէրը քեզմէ
Նոյնիսկ ատելութիւնը՝ ահեթեթ,
Խաչմերուկներուն վրայ կեանքի
Ընտրութիւնները սխալ
Եւ…
Եւ երբ մնաս վերջապէս
Քու անձիդ հետ
Մինակ
Սենեակին կիսամութին մէջ,
Կը հասկնաս
Թէ քու անձդ,
Օտար է քեզմէ։
ԱՌԱՍՊԵԼ
Խոր էր վիհը
Խոր ու մութ,
Լերան կողէն հասած
Մինչեւ աշխարհի սիրտը
Վիհին յատակին՝
Հսկան նստած էր մինակ…
Խոր վիհին, խոր մութին,
Խոր խորքին մէջ,
Պահակ էր հսկան
Լերան սրբազան,
Իր հասակով յաղթ
կը լեցնէր անէութեան
Դարպասն այս,
Եւ ափերով իր
Ահա՛, այս պահուն,
Կը ճզմէ թզուկ մ’անկոչ…
Չմագլցած լերան փէշերը կապոյտ
Թզուկն այս համարձակ,
Լսած էր շշուկներ չարագուշակ,
Բայց ինչպէ՞ս հաւատար
Հին առասպելներուն մաշած…
Ո՛չ, չէր գիտեր,
Թէ լեռն ունի պահապան,
Արքայ մը հին
Մաշած առասպելէն ալ անդին,
Եւ չէր գիտեր,
Թէ արքաներուն համար հսկայ
Չկայ անէծք
Չկան չարքեր
Չկան շուներ պահապան։
Արքան ազատ
Մագլցեցաւ ազատն ի վար
Աշխարհի սրտին,
Լերան կողին,
Խոր վիհին խոր մութին,
Խոր խորքին մէջ,
Իր թեւերը կապեց ան
Ի՛ր պատրաստած շղթաներով,
Եւ կտակ մը
Շշուկ մը
Առասպելներ հին ու մաշած,
Պատուիրած էր
Բոլոր արիներուն հաւատարիմ,
Ամրապնդե՛լ շղթաներ
Որպէսզի մնայ ինք
Կապոյտ լերան պահապան։
Անդորրը վերադարձաւ,
Խաւարին մէջ թզուկը նենգ
Խրխրալով վերջին շունչը փչեց,
Ու հոգին իր փոքր ու անշղթայ
Բարձրացաւ դանդաղ
Մոռացութիւնն ի վեր…
Մինչ հսկան,
Արքան Արիանց,
Լերան սրտին, քարերով
Արիւնլուայ ձեռքերը կը սրբէր…
Անյատակ վիհին յատակին՝
Հսկան է հանդարտ իր նստուածքով Արքայի,
Ոտքերուն տակ փռուած է
Դիակն այն թզուկին,
Որ փորձեց քիչ առաջ՝
Պղծել հեքիաթային իր անէծքը հազարամեայ։
Իշխան էր հսկան ու արքայ
Եւ իր առասպելով ցարդ կը թնդայ
Երկիրն ու երկինքն իր խաւերով,
Քմծիծաղով կը լսէ ան
Արձագանգներ սարսափահար։
Քաջքեր չկան,
Չկան շուներ պահապան
Չկայ անէծք
Չկայ վիշապ
Սուտ են առասպելները բոլոր,
Սուտ…
Ան իր կամքովը ազատ
Ձգեց թագն ու
Կեղծիքները աշխարհի,
Նախընտրեց դառնալ
Կապոյտ-գերի
Եթերային կապանքներով ան շղթայեց
Հոգին ու սիրտը ըմբոստ,
Որպէսզի առասպելն իր անմահանայ
Որպէսզի կամքն իր աստուածանայ
Եւ հպատակները հլու
Երկաթներով ամրացնեն
Կապանքները Արքային…
Թող քանդուի այն աշխարհը
Որ կը փորձէ քակել շղթան,
Զի անարգուած են հոգիները անկապանք։
Հիմա
Արքան իր ձեռքի արիւնը
Կը մաքրէ սեւ քարերով,
Մինչ թզուկը, մահուան սեմին
Կ’երկարէ ձեռքերը անօգնական,
Բռնելու թռչող իր հոգին՝
Հոգին, որ կապանք չունի
Հոգին, որ լուռ կը բարձրանայ
Ու յետոյ կը գլորուի
Աշխարհքն ի վար,
Մոռացութիւնն ի վար…։
ՍՕՍԵԱՑ ԾԱՌԵՐ
Ահա նորէն դուք կը խօսիք հին
Հեռաւոր անցեալէն,
Ձեր կողերէն լոկ հով մը չէ
Այլ ամբողջ անցեալ մը կը հնչէ
Սօսեաց ծառեր։
Օտարութեան մէջ կորսուած ականջներուս
Ձեր փսփսուքը կը հասնի այսօր,
Տերեւներու լոյսին ու շուքին մէջ
Ամբողջ փառաւոր անցեալ մը կը կարդամ
Հոգիիս ծանօթ՝
Ինձմէ օտար
Բառերով։
Լոյսի շիթերուն մէջ ես կը տեսնեմ
Արքաներ ձեր փառքին նուիրուած
Եւ աստուածներ խնկարկուած,
Հովի կերպարանքով կը սահին
Պատուհանէս ներս ու
Ղարիպի ձեռքէս բռնած
Զիս կը տանին աշխարհներ հեռու
Սրտիս ծանօթ
Աչքիս օտար
Երկիրներ…
Օտարին պարարտ հողին մէջ խրուած
Արմատներդ չեն գիտեր արեւուն բոյրը,
Եւ ճիւղերդ երկինք բարձրացուցած,
Կը սպասես Աստուածային նշանի
Կը սպասես… Կը սպասես…
Եւ սպասումիդ մէջ երկար
Կը յիշես անցեալդ Մարգարէի։
Կը յիշես արքաներ փառքիդ ընծայուած
Կամ թէ ինչպէս աստուած մ’էիր խնկարկուած,
Սօսափիւնդ մարգարէութիւն մ’էր սրբազան
Արժանի զոհերու արժանի մեծարման,
Արքաներ կը չոքէին շշուկիդ առջեւ
Եւ Բագինդ միշտ կը բուրէր գինի ու Արիւն…
Կը յիշես ու տերեւներդ տխուր կը սրսփան
Հոս հայոց արքաներ չկան
Չկան մոգեր
Սրբազան զոհեր
Չկա՜ն ու չկա՜ն…
Կը յիշես, կը տխրիս ու կը լռես։
Օտարին հողը հարուստ է ու պարարտ
Ճիւղերդ ամուր են, տերեւներդ առատ
Բայց…։
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»