“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիան ու Ատրպէյճանը 1_էն 12 Փետրուարին Կարս քաղաքի մէջ միատեղ զօրավարժութիւն կը կատարեն։

«Թուրքիոյ զինեալ ուժերը կը պատրաստուին վերջին շրջանին ամենածաւալուն ձմեռնային զօրավարժութիւններուն։ Զօրավարժութիւնները տեղի կ՛ունենան Կարսի մէջ 1_էն 12 Փետրուարին: Զօրավարժութիւններուն, որոնց կը մասնակցին նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը, պիտի ներգրաւուին հրասայլային ստորաբաժանումներ, դիպուկահար խումբեր, յատուկ նշանակութեան ուժերու հրամանատարութեան անձնակազմ, յատուկ ջոկատայիններ եւ օդուժ»,- յայտնած է աղբիւրը։

Նշուած է, որ զօրավարժութիւններուն նպատակն է միատեղ գործողութիւններու ընթացքին ապահովել համագործակցութիւնը եւ համակարգումը նոր զինատեսակներու դաշտային փորձարկումներու»։

Զորավարժութիւններու միւս հարցերէն է զօրքերուն մարտական կարողութիւններուն փորձարկումը, ներառեալ հրաձգութիւնը ձիւնի հաստ շերտին եւ սաստիկ սառնամանիքի պայմաններուն տակ, ձմեռնային պայմաններու մէջ մարզումներու կատարելագործումը և այլն։ Զօրավարժութիւններու ընթացքին պիտի մշակուին նաեւ գրոհներ, օդային յարձակումի գործողութիւններ, նիւթաթեքնիքական աջակցութիւն:

Ըստ Թուրքիոյ իշխանամերձ «Ahaber» լրատուամիջոցին, այս զօրավարժութիւնը ուժի ցուցադրում է Հայաստանին։