17 Յունուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով ինքնաշարժով երթ, որ իր աւարտին հասաւ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ:
Քաղաքացիները ինքնաշարժներուն վրայ փակցուցած էին եռագոյններ, ինչպէս նաեւ Նիկոլ Փաշինեանին լուսանկարները` «Դաւաճան» մակագրութեամբ:
Հրապարակին մէջ մեծ թիւով ոստիկաններ հաւաքուած էին: Ցոյցի որոշ մասնակիցներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ միջադէպ պատահեցաւ: Ապօրինի կերպով բերման ենթարկուեցաւ «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Դաւիթ Պաղտասարեանը:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում