“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն քրիստոնէական եկեղեցիներու ու մշակութային կոթողներու վաճառքի կամ ախոռի վերածման քաղաքականութիւնն ու գործունէութիւնը: Նախորդ շաբաթ թրքական առեւտրային կայքերէն մէկուն մէջ Պուրսա քաղաքի Սեպթաշ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական կաթոլիկ եկեղեցին 6 մլն թրքական լիրայով վաճառքի հանուելու նախօրէին «Sahibiden.com» կայքի մէջ վաճառքի հանուած է Պուրսայի միւս հայկական եկեղեցին։ Վերջին եկեղեցւոյ համար յայտարարութիւն տեղադրող անձը վաճառքի համար 6 մլն 300․000 թրքական լիրայ սահմանած է։ Յայտարարութեան մէջ, ուր մանրամասնութիւններ չկան եկեղեցւոյ անուան եւ վայրին մասին, յայտնուած է, որ պատմական եկեղեցին կրնայ ծառայել որպէս մշակոյթի-արուեստի կեդրոն, թանգարան կամ հիւրանոց։ Նշենք, որ մինչեւ 1915թ. Պուրսայի եւ յարակից շրջաններուն մէջ եղած է 17 հայկական եկեղեցի (Սբ. Աստուածածին, Սբ. Հրեշտակապետ, Սբ. Սարգիս, Սբ. Թադէոս Բարթողոմէոս, Սբ. Յակոբ, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սբ. Կարապետ եւ այլն):