“Արմէնփրէս”._ Նոր ձեւի պսակաձեւ ժահրով վարակուելուն պատճառով հիւանդանոցի մէջ բուժուող Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յառաջիկայ օրերուն հիւամդանոցէն դուրս կ’ելլէ։

Նախագահը բուժումը պիտի շարունակէ տնային պայմաններու մէջ՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ: Անոր յանձնարարուած է անկողնային բուժում։

Ապաքինումէն եւ բժիշկներէն համապատասխան թոյլտուութիւն ստանալուն պէս Հանրապետութեան նախագահը կը վերադառնայ Հայաստան, մինչ այդ պիտի շարունակէ հեռավար աշխատիլ։