“Արմէնփրէս”._ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 18 Յունուարին պաշտօնական նամակով դիմած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անժէյ Քասպրչիքին Ատրպէյճանէն գերիներու վերադարձին ու անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով: ՄԻՊ-ի խօսքին համաձայն, 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը պէտք է կիրառուի յառաջ եկած բոլոր իրավիճակներուն նկատմամբ. այնքան ատեն, որ առկայ է պատերազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած՝ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան ու մարդասիրական գործընթացի առարկայական անհրաժեշտութիւն: Մարդու Իաւունքներու պաշտպանը յայտնած է, որ այս պատահածները գերիներու ընտանիքներուն հոգեկան տառապանք կը պատճառ եւ լարուածութիւն կը յառաջացնէ հայ հասարակութեան մէջ: