«Երկիր».-Արցախի Պետական Ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան արագ արձագանգումի յատուկ ստորաբաժանումի հերթապահ ներգործող խումբերը 13 Նոյեմբեր 2020-էն առ այսօր թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած բնակավայրերուն եւ դիրքային գօտիներուն մէջ կը շարունակեն իրականացնել փրկարար-որոնողական աշխատանքներ: 18 Յունուարին աշխատանքներ տարուած են Հադրութ, Մեխակաւան/Ճապրայիլ/ եւ Որոտան /Քուպաթլու/ ուղղութիւններով: Յայտնաբերուած է 8 աճիւն եւս, որոնցմէ մէկը քաղաքացիական: Ընդհանուր առմամբ, Արցախի փրկարարները որոնողական անշխատանքներու հետեւանքով 13 Նոյեմբեր 2020-էն 18 Յունուար 2021-ը յայտնաբերած են 1246 ռազմագործողութիւններու մասնակցած զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու աճիւններ: Որոնողական աշխատանքներուն մասնակցած են նաեւ զինուորական ծառայողներու հարազատներ, տարածքին ծանօթ ուղեկցող-կամաւորներ: Աշխատանքները կ’ընթանան Վարանդայի /Ֆիզուլի/, Ջրականի/Ջապրայիլ/, Հադրութի, Կովսականի /Զանգելան/ շրջաններու մէջ եւ Սիւնիքի մարզի Մեղրի քաղաքի նախկին վարչական տարածքին մէջ: