«Արցախփրէս».-«Ես մարդ մըն եմ, որ կը հասկնայ ժողովուրդին ապրած ցաւը եւ կը կրէ այն բեռը», իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ինքնզինքը այսպէս բնորոշած է ան:
Հրանդ Տինք դաւադրաբար սպանուեցաւ 19 Յունուար 2007-ին, Շիշլիի մէջ գտնուող «Ակօսի» խմբագրատան առջեւ, ետեւէն արձակուած 3 կրակոցով: Այս յանցագործութիւնը կարելի էր պատահականութիւն կամ սխալմունք համարել, եթէ Տինք յայտնուած չըլլար միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը: Իսկ ան հանրայայտ դարձած էր պարզ պատճառով, որովհետեւ փորձած էր հակադրուիլ Թուրքիոյ օրէնքներուն ու հասարակական կարծիքին: Աշխարհի յառաջատար շարք մը երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ խստօրէն դատապարտած են կատարուած ոճրագործութիւնը:
Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ աշխարհի այլ երկիրների բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կազմակերպուած են բազմահազարանոց բողոքի ցոյցեր եւ սգոյ երթեր: Հրանդ Տինքի սպանութեան կազմակերպումին համար մեղադրուած է «Էրկենեքոն» ազգայնական կազմակերպութիւնը: