«Ապառաժ».-ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն հետ:
Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրադրութեան, արցախահայութեան առջեւ ծառացած հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Քննարկուած են նաեւ այս ուղղութիւններով միատեղ ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք իրագործելու ձեւերը:
Ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ լուծման համար խիստ կարեւոր համրուած է համահայկական ներուժի կեդրոնացումը Արցախի մէջ: