«Էրմէնիհապեր».-Թրքական Խորհուրդը առաջարկած է  2022 թուականին «Շուշին հռչակել ամբողջ թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք»:

Սոյն առաջարկով հանդէս եկած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Պաղտատ Ամրէեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, Թրքական Մշակոյթի Միջազգային Կազմակերպութեան գլխ․ քարտուղար Տիւսէն Քասէինովին եւ Թրքական Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան հիմնադրամի նախագահ Կիւնա Էֆենտիեւային հետ հանդիպումին:

Նշենք, որ խորհուրդը կը միաւորէ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ղազախստանը, Ուզպեքստանը եւ Ղրղզիստանը եւ ամեն տարի կը յայտարարէ թրքական աշխարհի մայրաքաղաքի անունը:

Յիշեցնենք, որ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին ատրպէյճանական կողմը մարտական գործողութիւններ  սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ տիրապետած է անոր մեծ մասին, նաեւ Շուշի քաղաքին: