Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ նախագահ Պայտընի կողմէն ներկայացուած ԱՄՆ պետքարտուղարի թեկնածու Անթոնի Պլինքըն, նախքան Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին իր թեկնածութեան հաստատումը, գրաւոր զօրակցութիւն յայտնած է Հայաստանի անվտանգային կարիքներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղին ու անոր շուրջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարումին համար ամերիկեան տնտեսական աջակցութեան։
Այս առիթով Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան արձանագրած է. «Մենք կ’ողջունենք Պլինքընի ներգրաւուածութիւնը նոր վարչակազմին մէջ, որ կ’աջակցի Հայաստանի անվտանգային հարցերուն եւ Արցախի պաշտպանութեան։ Ատրպէյճանի անողոք յարձակումին նկատմամբ ԱՄՆ֊ի ամիսներ տեւող անխոհեմ անտարբերութեան լոյսին տակ, մենք Պայտըն-Հարիս վարչակազմէն կ’ակնկալենք կառուցողական եւ պատասխանատու ներգրաւում լուծման գործընթացին մէջ բոլոր այն հարցերուն, որոնք կը մտահոգեն ամերիկահայերը ու մեր բազմաթիւ գործընկերները»։
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեզի քառամաս հարցումին ի պատասխան՝ Պլինքըն «աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի անվտանգութեան, ժողովրդավարական կառավարման ամրապնդումին ու տնտեսական աճի խթանումին նպաստող օգնութեան տրամադրումին, նկատելով, որ անոնք կ’օգնեն ամրապնդելու Հայաստանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»: Պլինքըն աւելցնելով ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին ռազմական գործողութիւններուն, վարչակազմը պիտի վերանայի Ատրպէյճանի աջակցութեան՝ իսկ եթէ որոշ հանգամանքներ հաստատուին, Պայտըն-Հարիս վարչակազմը պիտի կասեցնէ Ազատութեան աջակցութեան շարժումի 907-րդ յօդուածի պահանջներու կատարումէն հրաժարման գործընթացը։ Պլինքըն ընդգծած է իր յանձնառութիւնը Քոնկրեսի եւ պաշտպանութեան բաժինին հետ աշխատելով տարածաշրջանի, Հայաստանի անվտանգութեան կարիքները բաւարարելու եւ ԱՄՆ օժանդակութեան մակարդակը որոշելու համար։
Ի պատասխան յանձնաժողովի նախագահ Մենենտեզին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացին ԱՄՆ-ի վերաշխուժացման եւ նաեւ Հայաստանի հետաքրքրութիւնները արտայայտող լուծումին հասնելու հարցումին՝ Պլինքըն հաստատած է, որ ինք «Կը խթանէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական լուծումին հասնելու ԱՄՆ֊ի ներգրաւուածութիւնը, որ կ’ապահովէ Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ կը բացառէ նոր պատերազմի բռնկումը»:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
21․01․2020