«Էրմէնի Հապէր».- Թուրքիոյ մէջ սուլթանութեան ու խալիֆայութեան վերացումէն ետք, 1924-ին օսմանեան սուլթանական գերդաստանի բոլոր անդամները աքսորուեցան երկրէն: Աքսորուածներու կարգին էին նաեւ պատմութեան մէջ «կար­միր (արիւ­նար­բու) սուլ­թան» անու­նով յայտ­նի Օս­ման­եան սուլ­թան Ապ­տուլ Հա­միտ 2-րդի (1876-1909թթ.) ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը:
Ապտուլ Հա­մի­տի աւագ որ­դին՝ Մեհ­մետ Սե­լիմ էֆեն­տին Օս­ման­եան Թուրք­իա վե­րա­դառ­նա­լու մտադ­րու­թեամբ բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տէ Սուր­իոյ Հա­լէպ քա­ղա­քը: Սա­կայն  Ան­գա­րա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւնը բո­ղո­քի նա­մակ յղե­լով Ֆրան­սա­յին, որ այդ ժա­մա­նակ վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առած էր Սուր­ի­ան, կը պա­հան­ջէ Սե­լիմ էֆեն­տին վտա­րել այդ երկ­րէն:
«Turkiye Gazetesi» թեր­թի թըղ­թա­կից Էք­րեմ Բուղ­րայ Էքին­ճին, իր սիւ­նա­կին մէջ անդ­րա­դարձած է Ապ­տուլ Հա­մի­տի ըն­տա­նի­քին հե­տա­գայ ճա­կա­տագ­րին, ներկայացնելով նաեւ սուլթանի աւագ որդւոյն կեանքի մայրամուտին օգնութեան ձեռք մեկնած հայ մարդուն դրուագը, որ բախտորոշիչ  դեր ունեցած է անոր համար:
Եւ այդպէս, Սուրիայէն Պէյրութ տեղափոխուելէն ետք, սուլթանի որդին մեծ զրկանքներ կրած է՝ նոյնիսկ չկարենալով վճարել տան վարձքը:
Տան սեփականատէրը հայ ըլլալով, մինչեւ անոր կեանքին վերջը՝ 1937թ. տան վարձքին գումարը չէ պահանջած:
Լրագրողը, սակայն, մանրամասնութիւններ չէ արձանագրած  լիբանանահայուն մասին, չէ յիշած անոր անունն անգամ:
Աւելցնենք, որ նոյնիսկ ըստ թուրք պատմաբաններու, Սելիմ էֆենտիին հօր՝ Ապտուլ Համիտ 2-րդի օրօք Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ կոտորուած է շուրջ 300.000 հայ:
Յունաստանի նախկին վարչապետը՝ խօսելով Թուրքիոյ մասին կþըսէ. «Ծովահէնների հետ հնարաւոր չէ բանակցութիւններ վարել»։