«Օր մը, թեր­թե­րուն մէջ  կար­դա­ցի, որ բո­լոր թուրք ոճ­րա­գործ­նե­րը ազատ կ’ար­ձակ­ուին: Ես ցնց­ուած էի: Ազգ մը սպանն­ուե­ցաւ, իսկ յան­ցա­գործ­նե­րը ազատ ար­ձակ­ուե­ցան»:
Ռաֆայէլ Լեմքին
Վար­շա­ւա­յի՝ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ Յու­նի­ս 11-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւա­գէտ Ալֆ­րետ տէ Զա­յա­սի հե­ղի­նա­կու­թեամբ «The Genocide Against The Armenians 1915-1923 And The Relevance of the 1948 Genocide Convention» գիր­քին լե­հե­րէն թարգ­մա­նու­թեան շնոր­հան­դէ­սը: Անգ­լե­րէն բնա­գի­րին թար­գմա­նու­թիւնը կա­տա­րած է լեհ նախ­կին դիւա­նա­գէտ, Քրա­քո­վի հա­մալ­սա­րա­նի հրա­ւիր­եալ դա­սա­խօս դոկտ. Էւա Սաու­քե­ւիչ-Ման­ներ­լի­նը (Ewa Salkiewicz-Munnerlyn):
Լե­հաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Սամ­ուէլ Մկրտչ­եա­նը իր խօս­քին մէջ բարձր գնա­հա­տեց այս պի­տա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը, որ կը մի­տի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշ­մար­տու­թեան հան­րա­ճա­նա­չու­թեան, իրա­զե­կու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման եւ լե­հա­խօս հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ լայ­նօ­րէն տա­րած­ման նպա­տա­կին: Նման ող­ջու­նե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ան­պայ­ման իրենց լուրջ  դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ու­նին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման ան­մարդ­կա­յին ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կան­խար­գի­լե­լու հրա­մա­յա­կա­նին մէջ, որ ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է:
Ձեռ­նար­կին կը մաս­նակ­ցէ­ին Լե­հաս­տա­նի մէջ Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ մի­ակ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տա­րօն վրդ. Ղու­լիկ­եա­նը, ինչ­պէս նա­եւ՝ լե­հա­հայ հա­մայն­քի շարք մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Շնոր­հան­դէ­սի աւար­տին մաս­նա­կից­նե­րը հրա­տա­րակ­ուած գիր­քէն օրի­նակ­ներ ստա­ցան՝ թարգ­ման­չուհի­ին կող­մէ մա­կագր­ուած: Սոյն գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան ծախ­սե­րը ստանձ­նե­լու  հա­մար երախ­տա­գի­տու­թեան խօսք կա­րե­լի է ուղ­ղել Լե­հաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եւ նոյ­նինքն թարգ­ման­չու­հի դոկտ. Էւա­յին: Դիւա­նա­գի­տա­կան զա­նա­զան առա­քե­լու­թիւն­ներ ստանձ­նած դիւա­նա­գի­տու­հին 1982-1984 թուա­կան­նե­րուն Ժը­նե­ւի՝ ՄԱԿ-ի մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի մէջ մտե­րիմ գոր­ծըն­կե­րը եղած է փրոֆ. Ալֆ­րետ տէ Զա­յա­սի: Թարգ­մա­նի­չը, 1990-ին, Լե­հաս­տա­նի Քրա­քով քա­ղա­քի Եա­կե­լոն­եան դա­րա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նէն ստա­ցած իրա­ւա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տո­րա­կա­նէն ետք 1991 թուա­կա­նէն մին­չեւ Հոկ­տեմ­բեր 2018 թուա­կան ու­նե­ցած է դիւա­նա­գի­տա­կան հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թիւն՝ Լե­հաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, 1993-1994 եղած է Հռո­մի լե­հա­կան դես­պա­նա­տան մէջ հիւ­պա­տո­սա­կան կցորդ, ապա Ուա­շինկ­թը­նի լե­հա­կան դես­պա­նա­տան մէջ 1995-1999-ին վա­րած է նոյն պաշ­տօ­նը: Բազ­միցս կարճ ժամ­կէտ­նե­րով դէտ եղած է ԵԱՀԿ-ի կազ­մին մէջ՝ եւ­րո­պա­կան որոշ եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան եւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ինչ­պէս՝ Ուք­րան­իոյ, Ռուս­իոյ, Մոլ­տո­վա­յի, Պե­լա­ռուս­իոյ մէջ: 2001-2005 թուա­կան­նե­րուն եղած է մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու դէտ Մա­կե­դոն­իոյ եւ Պոսն­իա-Հեր­ցե­կո­վի­նա­յի մէջ, եր­կար տա­րի­նե­րէ հրա­ւիր­եալ դա­սա­խօս է Քրա­քո­վի հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի եւ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու թե­մա­նե­րով, իբ­րեւ հրա­ւիր­եալ դա­սա­խօս՝ ելոյթ­ներ ու­նե­ցած է նա­եւ Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ: Մաս­նակ­ցած է Երե­ւա­նի մէջ 22-23 նո­յեմ­բեր 2016 թուին ՀՀ Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ակա­դեմ­իա­յին կող­մէ կազ­մա­կերպ­ուած «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ հա­տուց­ման հիմ­նախն­դի­րը» գի­տա­ժո­ղո­վին, նիւթ ու­նե­նա­լով՝ «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան վնաս­նե­րու հա­տուց­ման հար­ցի քն­նար­կու­մը մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի չա­փո­րո­շիչ­նե­րու հի­ման վրայ»:
Անոր գլ­խա­ւոր մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներն են՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրա­ւա­կան հար­ցե­րը, հր­է­ա­կան ծա­գու­մով լեհ իրա­ւա­գէտ Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քի­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ մշակ­ուած՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը կան­խար­գի­լող հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ այլն: Այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րի պա­րու­նա­կը յա­տուկ իմաստ ու­նե­ցած է թարգ­մա­նի­չին հա­մար, երբ Ժը­նե­ւի մէջ մօ­տէն հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու առի­թը ու­նե­ցած է մի­ջազ­գա­յին հան­րա­ճա­նաչ իրա­ւա­գէտ Ալֆ­րետ տէ Զա­յա­սի հետ, մինչ վեր­ջինս 1981 թուա­կա­նէն ի վեր եր­կար տա­րի­նե­րու իր ծա­ռա­յու­թեամբ ծա­նօթ է որ­պէս ՄԱԿ-ի Մար­դու իրա­ւունք­նե­րու գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սեն­եա­կի եւ միջ­նոր­դագ­րե­րու ղե­կա­վար եւ աւագ իրա­ւա­բան: Պար­տինք յի­շել, որ տէ Զա­յաս ծնած է Գուպ, 31 մա­յիս 1947-ին, իրա­ւա­բա­նա­կան իր դոկ­տո­րա­կա­նը ստա­ցած է Հար­վըր­տի հա­մալ­սա­րա­նէն, ապա ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան փի­լի­սո­փա­յու­թեան դոկ­տո­րա­կա­նի կո­չու­մը՝ Գեր­ման­իոյ Կէ­օթ­թին­կե­նի-ի հա­մալ­սա­րա­նէն, ու­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիր­ուած իրա­ւա­կան զա­նա­զան լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ: Նոյն այս գիր­քին պա­րա­գա­յին, տէ Զա­յաս իր հե­ղի­նա­կա­յին իրա­ւուն­քի անվ­ճար հա­ւա­նու­թիւնը յայտ­նած է վե­րո­յիշ­եալ վեր­նագ­րի թարգ­մա­նու­թեան հա­մար, եւ թարգ­ման­չուհի­ին հետ մի­աս­նա­բար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած են Լե­հաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Սամ­ուէլ Մկրտչ­եա­նին՝ այս գիր­քի լե­հե­րէն հրա­տա­րա­կու­թեան հա­մար (էջ 17): Ուս­տի պա­տա­հա­կան չէ, որ դոկտ. Էւան ընտ­րած է «1915-1923 թուա­կան­նե­րու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը՝ ՄԱԿ-ի 1948 թուա­կա­նի հա­մա­ձայ­նագ­րի լոյ­սին տակ» վեր­նա­գի­րի  թարգ­մա­նու­թիւնը:
Յս­տակ է, որ ՄԱԿ-ի 12 Դեկ­տեմ­բեր 1948 թուա­կիր իրա­ւա­կան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը իր ըն­դար­ձա­կում­նե­րով եւ վե­րամ­շա­կում­նե­րով ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը հիմ­նա­ւո­րէ որ­պէս մտադր­ուած եւ հա­մա­կարգ­ուած ոչն­չա­ցու­մի մի­ջազ­գա­յին յան­ցա­գոր­ծու­թիւն, կը մի­տի նա­եւ՝ պաշտ­պա­նե­լու մար­դու իրա­ւունք­նե­րը, ար­մա­տա­խիլ ընե­լու ազ­գա­յին, ցե­ղա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խտ­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը:
Իսկ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար այս փաս­տա­թուղ­թը կը կա­րե­ւո­րէ Թուրք­իոյ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը ու կը շեշ­տէ ան­վե­րա­կանգ­նե­լի կո­րուստ­նե­րու փոխ­հա­տուց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ Թուրք­իոյ վա­րած ու­րա­ցու­մի, ան­տար­բե­րու­թեան ու ժխ­տո­ղա­կա­նութեան դի­մաց, մա­նա­ւանդ որ կը փոր­ձէ հեր­քել ան­հեր­քե­լին: Ուս­տի, այս առու­մով, մե­զի հա­մար ոչ միայն հե­տաքրք­րա­կան, այ­լեւ առանձ­նա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցող փաս­տա­թուղթ է, իմաստ­նա­նա­լու հրա­ւէր՝ ցե­ղաս­պա­նութ­եան յան­ցա­գոր­ծու­թեան նկատ­մամբ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի եւ հա­տու­ցու­մի տե­սան­կիւ­նէն:
Փոքր ծա­ւա­լով այս գիր­քը, իր 127 էջե­րով, խո­րագր­ուած է 12 կարճ մա­սե­րով: Կող­քին վրայ կը կար­դանք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մատ­նան­շող Ռ. Լեմ­քի­նի դառ­նա­շունչ վե­րո­յիշ­եալ խօս­քը: Գիր­քին 7-րդ էջին վրայ նշում մը կայ հե­տեւ­եալ բո­վան­դա­կու­թեամբ.
«Այս իրա­ւա­կան կար­ծի­քը հիմ­նա­ւոր­ուած է՝
Ա)  Պրիւք­սե­լի մէջ  ՀՅԴ Եւ­րո­պա­յի Հայ դա­տի գրա­սեն­եա­կի (EAFJD) կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 90-ամ­եա­կի առի­թով հրա­տա­րա­կու­թեան վրայ, որուն օրի­նակ­նե­րը բո­լոր ներ­կա­նե­րուն բաժն­ուե­ցան Երե­ւա­նի մէջ 20-21 Ապ­րիլ 2005 թուին կա­յա­ցած ցե­ղաս­պա­նութեան եւ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու՝ «Հաս­տատ­ուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն, հաս­տատ­ուած մար­տահ­րա­ւէր» գի­տա­ժո­ղո­վին:
Բ) Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 95-ամ­եա­կի առի­թով վե­րամ­շակ­ուած հրա­տա­րա­կու­թեան վրայ, որ անգ­լե­րէ­նով հրա­տա­րակ­ուած է Պէյ­րու­թի Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րա­նի կող­մէ 2010 Փետր­ուա­րին (http://www.armeniangenocidereparations.info/wp-content/uploads/2014/09/DeZayas-ARMENIANGENOCIDE.pdf): Այս տար­բե­րա­կը կը պա­րու­նա­կէ լրա­ցու­ցիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ թար­մա­ցում­ներ, որոնք հիմ­նա­կա­նօ­րէն կ’ար­տա­ցո­լաց­նեն ՄԱԿ-ի չա­փո­րո­շիչ­նե­րու բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րը, բա­ցի վե­րը նշ­ուած կայ­քէն, սոյն գիր­քին pdf տար­բե­րա­կը տե­ղադր­ուած է նա­եւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քին վրայ  (https://www.mfa.am/filemanager/Statics/ARMENIANGENOCIDE.pdf)»»:
Գիր­քի յա­ջորդ մա­սե­րուն մէջ կը կար­դանք Փաս­տա­բան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վի աւագ իրա­ւա­կան խորհր­դա­տու Ֆե­տե­րի­քօ Անտ­րէ Կուզ­մա­նի՝ 2005 թուի Ապ­րի­լին գրի առն­ուած խօս­քին թարգ­մա­նու­թիւնը, ապա թարգ­մա­նի­չի խօս­քի բաժ­նին մէջ թագ­ման­չու­հին կը խտաց­նէ լե­հե­րէն այս տար­բե­րա­կին մա­սին իր խո­հե­րը:
Գիր­քին յա­ջորդ մա­սե­րու վեր­նա­գիր­նե­րէն կա­րե­լի է յի­շել՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան պա­տիժն ու մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քը, մի­ջազ­գա­յին եւ կեն­ցա­ղա­յին մե­ղադ­րանք­նե­րը, ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնը, յու­շար­ձան­նե­րու ոչն­չա­ցու­մը, պե­տա­կան իրա­ւա­յա­ջոր­դու­թիւնը, ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու ցե­ղա­յին զտում­նե­րու, զո­հե­րու փոխ­հա­տու­ցու­մը եւ այն:
Գիր­քի շնոր­հա­ն­դէ­սին առի­թով թարգ­մա­նի­չին հետ հե­ռա­կայ հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցայ. վե­րը յիշ­ուած լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րու կող­քին, կը ներ­կա­յաց­նեմ նա­եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն պա­տաս­խան­նե­րու ամ­փո­փու­մին թարգ­մա­նու­թիւնը, ուր ան բաղ­դա­տա­կան մը կ’ընէ՝ ըսե­լով. «Ինչ­պէս Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նին իրենց քսա­նե­րորդ դա­րու առա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան չսպ­ի­ա­ցող վէր­քը, լե­հերն ալ ու­նին Քա­թի­նի ող­բեր­գու­թիւնը»: (Քա­թի­նի դա­ժան սպան­դը լեհ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար վայ­րագ այն ող­բեր­գու­թիւնն է, երբ Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին 1940 թուա­կա­նի Ապ­րիլ-Մա­յիս ամիս­նե­րուն Քա­թի­նի ան­տառ­նե­րուն մէջ լե­հա­կան բա­նա­կի շուրջ 22 հա­զար ռազ­մա­գե­րի­ներ, սպա­ներ գն­դա­կա­հար­ուե­ցան, եւ լեհ ամ­բողջ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւն մը են­թարկ­ուե­ցաւ զանգ­ուա­ծա­յին բնաջն­ջու­մի, այս ան­մարդ­կա­յին արար­քը իրա­գործ­ուած է ԽՍՀՄ ներ­քին գոր­ծոց ժո­ղովր­դա­կան յանձ­նա­կա­տա­րի (NKVD) կող­մէ: ԱՍ): Ան կը շա­րու­նա­կէ՝ ըսե­լով. «2016 թուին Հա­յաս­տան իմ այ­ցե­լու­թե­նէս ետք  կր­նամ հաս­տա­տել, որ Հա­յաս­տա­նը հպար­տա­նա­լու եր­կիր է, որուն ժո­ղո­վուր­դը հա­ւա­տա­րիմ է եւ չի մոռ­նար իր իս­կա­կան բա­րե­կամ­նե­րը, չի մոռ­նար նա­եւ իր վի­րա­ւո­րանք­ներն ու վիշ­տե­րը, այդ պատ­ճա­ռով մենք զի­րար աւե­լի լաւ կր­նանք հասկ­նալ եւ հա­մակ­րիլ իրա­րու… Շատ կը փա­փա­քիմ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիր­ուած իրա­ւա­կան նոր վեր­նա­գիր­ներ թարգ­մա­նել»:
Այս տա­րի լոյս տե­սան նա­եւ Էւա Սաու­քե­ւիչ-Ման­ներ­լի­նի հե­ղի­նա­կութ­եամբ եր­կու նոր գիրք՝ «Մի­ջազ­գա­յին ար­դա­րա­դա­տու­թեան դա­տա­րա­նի մէջ առ­ժամ­եայ խա­փան­ման մի­ջոց­նե­րու  նա­խոր­դող ըն­թա­ցա­կար­գը» եւ «Ամէն փայ­լող բան ոս­կի չէ. քու­լիս­նե­րու ետին դիւա­նա­գի­տու­թիւնը Վա­տի­կա­նի մէջ» վեր­նա­գիր­նե­րով:
Կա­րե­լի է յի­շել, որ սոյն տար­ուան սկիզ­բը ֆրան­սա­հայ Մի­քա­յէլ Նշան­եա­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ լե­հե­րէ­նի թարգ­ման­ուած «Բնաջն­ջել Հա­յե­րը – Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Պատ­մու­թիւն» պատ­մա­գի­տա­կան հա­տո­րին եւ Հրայր Մա­ղաք­եա­նի լեզ­ուա­ճա­նա­չո­ղա­կան-քն­նա­կան՝ «1915 թուի հայ-թր­քա­կան հա­կա­մար­տու­թիւնը՝ ըստ ԻԱ. դա­րու ֆրան­սա­լե­զու եւ ռու­սա­լե­զու (ելեկտ­րո­նա­յին) լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու – Ընտր­ուած հիմ­նախն­դիր­ներ» վեր­նագ­րով շա­հե­կան լե­հե­րէն գիր­քե­րու կող­քին, վե­րո­յիշ­եալ նոր հրա­տա­րա­կու­թիւնը կը հարս­տաց­նէ Լե­հաս­տա­նի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գրա­կա­նու­թիւնը՝ այն տար­բե­րու­թեամբ, որ ՄԱԿ-ի մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու վե­րա­բեր­եալ մի­ջազ­գա­յին այս փաս­տա­թուղ­թին լե­հե­րէ­նով նոր վեր­նա­գի­րը՝ «1915-1923 թուա­կան­նե­րու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը՝ ՄԱԿ-ի 1948 թուա­կա­նի հա­մա­ձայ­նագ­րի լոյ­սին տակ»-ը խո­րի­մաստ քայլ մըն է, ան­ձայն կոչ մը եւ իրա­ւա­կան յանձ­նա­ռու­թեան հրա­ւէ­րի նշա­նակ մը, որ թարգ­ման­ուած է լեհ փոր­ձա­ռու դիւա­նա­գի­տուհիի մը կող­մէ: Երախ­տա­պարտ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է, որ կը վե­րար­ծար­ծէ ու կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նախն­դի­րը՝ ընտ­րե­լով իրա­ւա­կան եւ հա­տուց­ման գոր­ծըն­թա­ցի ար­դա­րա­դա­տութ­եան քն­նար­կում­նե­րու ծան­րակ­շիռ բնա­գա­ւառ­նե­րը, մի­ա­ւո­րե­լով զա­նոնք պատ­մագ­ի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հար­կա­ւոր ոլոր­տին հետ:
Դոկտ. Արա Սայեղ