Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ զեկուցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2021, երեկոյեան ժամը 10:00-ին Երեւանի ժամով (երեկոյեան 7:00 Կեդր. Եւրոպայի ժամով):
Հանդիպումը կայացաւ առցանց Zoom հարթակով: Հանդիպումին մասնակցեցան Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ գործող կազմակերպութիւններու, համայնքային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներներու աւելի քան 55 մասնակիցներ:
Օրուան զեկուցաբերներն էին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Վիեննայի Հայ Աառաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Անտրէաս քահանայ Իսախանեան, որ անձնապէս ներգրաւուած էր պատերազմական օրերուն արցախահայութեան եւ բանակին համար մարդասիրական օժանդակութիւններ հաւաքելու աշխատանքներուն եւ Հ.Յ.Դ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի նախագահ Կիրո Մանոյեան:
Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ զեկուցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2021, երեկոյեան ժամը 10:00-ին Երեւանի ժամով (երեկոյեան 7:00 Կեդր. Եւրոպայի ժամով):
Զեկուցական հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութիւններու մէջ տեղի ունեցած բոլոր ներքին եւ արտաքին զարգացումները սկսեալ պատերազմի հետեւանքներէն ու սահամանները գծելու գործընթացէն, ռազմագերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերուն առնչութեամբ զարգացումները մինչեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածաշրջանին մէջ օր ըստ օրէ աճող վտանգին եւ զայն դիմակայելու համար զոյգ հանրապետութիւններուն որդեգրելիք ռազմավարութիւնները: Բացի այդ շրջանին մէջ գործող միութիւններէն, ծանօթացան երկրի դէմ ծառացած խնդիրներուն համար ՀՅԴ-ին որդեգրելիք եւ ձեռնարկելիք քայլերուն եւ լուծումներուն:
Զեկուցաբերներուն փոխանցած ընդարձակ տեղեկութիւններէն վերջ նաեւ տեղի ունեցաւ հարցադրումներ, ուր մասնակիցները իրենց յուզող եւ մտահոգող բոլոր հարցերը ուղեցին օրուան զեկուցաբերներուն, որոնք իրենց կարգին ամենայն մանրամասնութեամբ փորձեցին փառատել մասնակիցներուն մտահոգութիւնները:
Հանդիպումը աւարտեցաւ նահատակներուն յիշատակը յարգելով մէկ վայրկեան լռութեամբ: