«Ուաթան Անլայն» Երկուշաբթի, 1 Փետրուար 2021-ին, ի գործ դրուեցաւ 18 Նոյեմբեր 2020-ին սուրիական բանակի հրամանատարութեան յայտարարած վարչական հրամանագիրը, ըստ որուն զօրացրուեցան հետեւեալ զինուորական կարգեր ունեցող զինուորական ծառայողները. -Զինուորական պարտադիր կամ պահեստի կոչուած սպաները, որոնք կը բոլորեն 2 տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 1 Յունուար 2021: -Բժշկական ծառայութիւն ունեցող բժիշկ զինուորներ, որոնց բանակի պահեստի ծառայութիւնը կը բոլորէ երկու տարին: -Պարտադիր կամ պահեստի ծառայութեան կոչուած աստիճանաւոր սպաներ եւ զինուորներ, որոնց պահեստի ծառայութիւնը կը բոլորէ եօթ ու կէս տարին մինչեւ 1 Յունուար 2021: -1982-ի ծնունդ պահեստի ծառայութեան կոչուած աստիճանաւոր սպաներ եւ զինուորներ, որոնց ծառայութիւնը կը բոլորէ երկու տարին, իսկ երկու տարուան ծառայութիւն չամբողջացուցած աստիճանաւոր սպաները եւ զինուորները անմիջապէս կը զօրացրուին, երբ երկու տարուան ծառայութիւնը ամբողջացնեն: