Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Թուրքիան Իտլիպի, Հալէպի հիւսիսային արուարձանին եւ Աֆրինի մէջ սուրիացի ահաբեկիչներ կը մարզէ եւ անոնց 400 ԱՄՆ տոլար կը վճարէ ամսական դրութեամբ, նպատակ ունենալով անոնց Լիպիա ուղարկել, որպէսզի այնտեղ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողքին պատերազմին Լիպիոյ ժողովուրդին դէմ։ Միւս կողմէ, աղբիւրը յայտնեց, որ թրքական ուժերը հրթիռներ արձակեցին Ռաքքայի հիւսիսային արուարձանի Սայտա գիւղին եւ «M4» միջազգային մայրուղղիին ուղղութեամբ։