«Թերթ».- Տեղեկատուական անվտանգութեան հարցերու փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ մինչեւ այսօր կը շարունակեն մեր տղոց հեռաձայններէն ու ընկերային ցանցերու էջերէն, նաեւ` այլ անձերու անունով նամակներ գրել անոնց հարազատներուն, յոյս ներշնչել ու օրերով անհետանալ:

«Ծանր բան մը պէտք է գրեմ` որպէս զգուշացում մեր անյայտ կորսած զինուորներու ծնողներուն, մտերիմներուն, պիտի փորձեմ խօսքեր գտնել:

Ատրպէյճանցիները մինչեւ հիմա կը շարունակեն տղոց հեռախօսներէն ու ընկերային ցանցերէն գրել, յոյսեր ներշնչել: Ամէն պարագայի,  այլազան հնարքներ կը փորձեն:

Մէկ զինուորի անունով կը  գրեն, մէկ այլ մարդու, մէկ զինուորի անունով  բանի մը լայք կու տան ու յետոյ կ’անջատուին օրերով, յետոյ դարձեալ ուրիշ  բան մը կ’ընեն ու կը կորսուին: Կամ մէկ այլ անձի անունով կը գրեն, յոյս կու տան ու դարձեալ կը կորսուին: Մինչեւ հիմա կը շարունակեն մարդոց ցաւ պատճառել: Ամէն ձեւով կ’աշխատին ամենացաւոտ տեղին՝ յոյսին դպչիլ», գրած է փորձագէտը: