ՀՅԴ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Հարաւային Աւստրալիան Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցած է եւ դատապարտած Ատրպէյճանն ու Թուրքիան բնիկ հայերու հայրենիք ներխուժման համար: Ճանաչումի բանաձեւը ընդունուած է նահանգային խորհրդարանին կողմէ։ Սա երկրորդ աւստրալիական նահանգն է, որ կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս բանաձևը կը յաջորդէ Հոկտեմբեր 2020-ին Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի Խորհրդարանի իրաւական յանձնաժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւին եւ Աւստրալիոյ կառավարութեան նոյնպէս կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը հակամարտութեան մշտական լուծումը ամրագրելու եւ խուսափելու հետագայ զինուորական գործողութիւններէն։ Խորհրդարանական Թոմ Կոստանտոնիս, ներկայացնելով պատմական բանաձեւը, յայտարարած է. «Փանթուրքական ազգայնականութեան քաղաքականութիւնը, որ նախապէս յանգեցուցած է ցեղասպանութեան, այժմ կը հետապնդուի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կողմէ՝ ցեղային զտմամբ սպառնալով Արցախի հայ բնակչութեան»։ Խորհրդարանը քննարկած է նաեւ բանաձեւի քուէարկութիւնը յետաձգելու հարցը, որ ձախողած է։ Քննարկումները վերսկսած են, եւ բանաձևը միաձայնութեամբ ընդունուած է։ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հարաւային Աւստրալիոյ հայկական մշակութային միութեան՝ համայնքային մակարդակով հայկական շահերու պաշտպանութեան համար: Հարաւային Աւստրալիոյ Հայկական Մշակութային Միութեան նախագահ Էմիլ Դաւիթեան իր կարգին յայտնած է. «Այս յաջողութիւնը Աւստրալիոյ ամբողջ հայ համայնքի երախտիքն է։ Հաճելի էր աշխատիլ այս հիանալի արդիւնքին համար՝ յանուն Արցախի Հայկական Հանրապետութեան քոյրերուն եւ եղբայրներուն»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդարանականներ Թոմ Կոստանտոնիսին եւ Ջայնէ Սթինսընին՝ բանաձեւի ներկայացման համար եւ բոլոր խորհրդարանականներուն՝ յանուն մարդու իրաւունքներու բանաձեւը պաշտպանելու համար։

Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբ 03․02․2021