«Երկիր».-Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէն հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման եւ  ապօրինի իւրացման նոր թափ ստացած քաղաքականութիւնը ու կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ լիարժէքօրէն կատարելու միջազգային պայմանագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները:

Լրատուամիջոցներու հարցումին ի պատասխան, գերատեսչութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան յայտնած է, որ ծանօթ են Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վաճառքին մասին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած լուրերուն:

Յատկապէս Պուրսա քաղաքի Սեպթաշ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական կաթողիկէ եկեղեցին  վաճառքի հանուած է 6 միլիոն թրքական լիրայով, իսկ Պուրսայի միւս հայկական եկեղեցւոյ համար սահմանուած է 6 միլիոն 300 հազար թրքական լիրա: Բացի այդ, Թուրքիոյ արեւմտեան Քիւթահիա նահանգին մէջ աւերուած է Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին:

«Պատմամշակութային կոթողներուն նկատմամբ նման վերաբերմունք ցուցաբերող պետութեան տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան գործակցութեանն ուղղուած կոչերը չեն կրնար վստահելի ըլլալ», ըսած է Աննա Նաղդալեան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին «Պատմութենէն դասեր քաղելու մասին» Հայաստանին ուղղուած չակերտաւոր խորհուրդներուն, խօսնակը շեշտած է,  որ որեւէ մէկուն իրաւունք չէ վերապահուած սպառնալիքներու լեզուով անյարգալից խօսիլ եւ պատմութեան դասեր տալ ցեղասպանութիւն վերապրող ժողովուրդին: