Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութեան օրով պետականօրէն հայրենադարձութեան լուրջ ծրագիր չէ դրուած: Այս հարցը  3 Փետրուարին արծարծած  են  խումբ մը հայրենադարձներ Վազգէն Մանուկեանին հետ հանդիպումի ընթացքին:

Հայրենադարձութեան եւ լրացուցիչ հիմնահարցերով զբաղող «Վերադարձ Հայաստան» կազմակերպութեան եւ ՀՅԴ Հայրենադարձութեան Խորհրդատուական գրասենեակի ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները խօսած են Սփիւռքի հարցերուն, հայրենադարձութեան գաղափարախօսութեան նկատմամբ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ առկայ ընկալումներուն, Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու մասին, քննարկած են , թէ ինչ կարելի է ընել, որ Սփիւռքի մէջ ապրող հայը վերադառնայ Հայաստան:

Ամենակարեւորը, ըստ ներկաներուն, հարցը ազգային եւ պետական օրակարգ բերելն է:

«Հայաստանը նախ պէտք է ունենայ տեսլական, որուն մէջ ներառուած պիտի ըլլայ նաեւ հայրենադարձութիւնը: Պէտք է ձեւակերպուին հայրենադարձութեան հարցերն ու նպատակները, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ մշակել ծրագիրներ ու ռազմավարութիւն», ըսած  է Մանուկեան:

Ան յայտնած է, որ  1988 թուականի Շարժումի ընթացքին այդ հարցերը եղած են ապագայ կառավարութեան օրակարգին մէջ, քննարկուած են աշխարհով մէկ հայկական կառոյցներու ձեւաւորման, համաշխարհային ազգի գաղափարները, որոնց մէջ կարեւոր համարուած  է նաեւ հայրենադարձութեան հարցը:

Հայրենադարձութեան պետական քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ոչ միայն հայրենասիրական եւ զգացական դաշտին վրայ, այլեւ բխի չոր տնտեսական հաշուարկներու, երկրի անվտանգային, ժողովրդագրական, մարդկային ու մասնագիտական աղբիւրներու համալրումով եւ այլ հարցերով:

Այս տեսակէտը  յայտնած են հայրենադարձները, որոնք իրենց փորձին հիման վրայ ներկայացուցած են նաեւ հարցերը, որոնք կը խոչընդոտեն Հայրենիք վերադարձին, իսկ վերադառնալէն վերջ` ամբողջացումի:

Այդ հարցերէն մէկն ալ, ըստ ներկաներուն, պետական յստակ ծրագիրներուն, օրէնսդրական դաշտի բացակայութիւնն է:

Վազգէն Մանուկեան ներկաներուն առաջարկած է կազմել փաստաթուղթ, որ Հայաստանի ապագայ իշխանութիւններուն համար կրնայ հիմք եւ ուղենիշ դառնալ հայրենադարձութեան հայեցակարգի մշակումին եւ հետագայ գործընթացները կազմակերպելու համար: