3 Փետրուարին, «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ը Ազգային ժողովի շէնքին մօտ խորհրդարանի օրակարգին վրայ ներառուած շարք մը օրինագիծերուն դէմ բողոքի ցոյց կատարեց:

Ցոյցին մասնակցողները յայտնեցին, որ իշխող մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ Հայաստանին շահերը, ինչպէս նաեւ դիտել տուին, որ անոնք եկած են «Իմ Քայլ»ը խմբակցութեան պատգամաւոր Անուշ Բեղլոյեանին յիշեցնելու, որ ինք Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր է, եւ ոչ Միլի մեճլիսի, հետեւաբար իր յայտարարութիւնները Հայաստանի շահերէն պէտք է բխին: Անոնք Ազգային Ժողովէն պահանջեցին զբաղիլ երկրին դիմաց ծառացած հրատապ հարցերով` գերիներու, բանակաշինութեան եւ այլ հարցերով, եւ ոչ թէ ստեղծել «կալանքի դատարաններ»:

Ցուցարարները «ատրպէյճանամէտ» մակագրութեամբ պատգամաւորներու լուսանկարներ եւ դաւաճան մակագրութեամբ թղթիկներ նետեցին Ազգային Ժողովի ճաղերէն ներս:

«Անոնք կը սպաննեն մեր երազանքը, անոնք կը  սպաննեն որեւէ յարմար ժամանակ մեր կորսնցուցած վերադարձնելու մեր պարտականութիւնը», ըսաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան` անդրադառնալով «Իմ Քայլ»ի պատգամաւոր Անոյշ Բեղլոյեանի միջազգային հարթակներու վրայ արտայայտած միտքերուն:


Վարդանեան վստահեցուց, որ իշխող ուժին մէջ կան պատգամաւորներ, որոնք պաշտօնապէս կը յայտարարեն, որ «Իմ Քայլ»ի պաշտօնական քաղաքականութիւննը  Հադրութին, Շուշիին հայկական չսեպելն է, անոնք պաշտօնապէս կը հրաժարին այս տարածքներէն: «Իմ Քայլ»ի պատգամաւորները կը փաստեն, որ մշակուած, ծրագրուած է, իրենք  այս դաւաճանական ծրագիրը կ’իրականացնեն: Մենք կողմ ենք այդպիսի պատգամաւորներուն հովանաւորութենէ զրկելու,  երկիրը աւելի կարեւոր հարցեր ունի», յայտնեց Վարդանեան:

Այնուհետեւ բողոքի ցոյցին մասնակցողները ուղղուեցան Հանրապետութեան հրապարակ՝ «Նիկո՛լ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» խոսքերով: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ, մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր կային:

«Մենք շատ յստակ կ’ուզենք յայտարարել, որ Նիկոլ Փաշինեանին ու իր խունտային դէմ պայքարը պիտի դադրի միայն անոնց հեռացումին պարագային: Թող որեւէ մէկը` Փաշինեանը, իշխանական ուսապարկերը, յոյս չունենան, որ շարժումը պիտի դադրի», Հանրապետութեան հրապարակին վրայ յայտարարեցին ցուցարարները:


Քաղաքացիները իրենց բողոքի ցոյցը աւարտեցին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Նշենք, որ Ազգային Ժողովի շէնքին մօտ ոստիկանները ցուցարարներուն նկատմամբ բռնի ուժ կիրարկելով՝ ձերբակալեցին շատեր, որոնց կարգին էին՝ ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան, ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Յովհաննէս Ստեփանեան եւ Գոռ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամ Տարօն Մանուկեան եւ այլ անձեր: