Վազգէն Մանուկեան 6 Փետրուարին կրթութեան ոլորտի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ քննարկած է համակարգի հարցերն ու տեսլականը:

Քննարկումի մասնակիցները կրթութեան ոլորտի մէջ մեծ փորձառութիւն եւ ներդրում ունեցող գիտնականներ ու փորձագէտներ են, ոլորտի պետական գերատեսչութեան նախկին ղեկավարներ եւ հեղինակաւոր դպրոցներու տնօրէններ:

Անոնք մտահոգութիւն յայտնած են կրթական համակարգի ընդհանուր վիճակին, կրթութեան նկատմամբ պետական ոչ համարժէք քաղաքականութեան, վերջին տարիներուն հանրակրթական ոլորտին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու միտումներուն մասին:

Մանուկեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Հայաստանի ապագան  երկու ուղղութիւններու զարգացման հիմքին մէջ կը տեսնէ` բանակ եւ կրթութիւն: Անոր համաձայն, հզօր եւ բարեկեցիկ երկրի գրաւականը ուժեղ բանակն է եւ կրթութիւնը` ազգային ու համամարդկային արժէքներու ճիշդ համադրութեան, բնական գիտութիւններու եւ յառաջատար ճարտարագիտութեան վրայ հիմնուած կրթական համակարգով: «Այս երկու հարցերը առաջնահերթ պէտք է դառնան Հայաստանի որեւէ իշխանութեան համար», ըսած է ան:

Մասնակիցները լայնօրէն քննարկած են կրթութեան ոլորտի հարցերը, որոնք առնչուած են կրթութեան գաղափարախօսութեան, կառավարման ձեւին, 12-ամեայ կրթական համակարգին, կրթութեան մէջ ազգային բաղադրիչի դերին, կրթական նոր չափորոշիչներուն, հայագիտական առարկաները կրթական ծրագիրներէն նուազեցնելու հարցերուն, այս օրերուն աշխուժօրէն քննարկուող գնահատման համակարգի փոփոխութիւններուն եւ այլ հարցերուն:

Վազգէն Մանուկեան առաջարկած է միատեղ ջանքերով ձեւաւորել Հայաստանի կրթական համակարգի տեսլականը, կարելի բոլոր հարթակներու վրայ աշխուժօրէն քննարկումներ ծաւալել վերոնշեալ հարցերուն շուրջ եւ փորձել ազդեցութիւն ունենալ կրթական ոլորտի մէջ որոշումներու կայացման վրայ թէ՛ այսօր եւ թէ ապագային: