«Ապառաժ».-6 Փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները հանդիպում ունեցած են ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին եւ ԱՀ անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Պալասանեանին հետ:

Հանդիպումէն վերջ  ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ նախագահէն պահանջած են թափանցիկ եւ հրապարակային ձեւով հանրութեան ներկայացնել անվտանգութեան առնչուող հարցերը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու եւ տարբեր հանդիպումներու մասին պատշաճ տեղեկատուութիւն տրամադրել` տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններէն խուսափելու եւ առկայ անորոշ մթնոլորտը փարատելու համար:

«Մեզի համար կարեւոր է այս հարցերուն ներկայացումը Ազգային Ժողովի առաջնային հովանաւորութիւն ունեցող պետական մարմինին կողմէ: Անդրադարձած ենք նաեւ պետական հիմնարկներու գործունէութեան, յատկապէս անվտանգութեան հարցերու լոյսին տակ Անվտանգութեան Խորհուրդի ձեւաւորման կարեւորութիւնը», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան: