Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ վերջերս ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ գործող քրտական ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները սուրիական Ճեզիրէի իրենց գրաւած շրջաններուն մէջ առեւանգումի գործողութիւնները բազմացուցած են։
Հասիչէի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ այսօր, ՔԱՍԱՏ-ի խմբաւորումները խուժած են Հատտատիէ , Աֆրա , Պուճարի եւ Հասիչէի հարաւային Մարքատա աւանին շուրջ գտնուող կարգ մը գիւղեր եւ բնակիչներ առեւանգած են։
Թղթակիցը աւելցուց, որ նախօրօք ՔԱՍԱՏ-ի խմբաւորումները Հասիչէ քաղաքէն 16 տարեկան երեխայ մը առեւանգած էին եւ զայն իրենց ենթակայ զօրանոցներէն մէկը փոխադրած, որպէսզի պարտադրաբար պատերազմի իրենց կողքին։