Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը՝ Փենթակոնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ 900 զինուորներ ընդգրկող ԱՄՆ-ի ուժերը, այսուհետեւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի քարիւղի հանքերուն պաշտպանութեան պատասխանատուն չեն, անոնց պարտականութիւնն է միայն ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պատերազմը։
ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Ճոն Քերպի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնեաները այսուհետեւ իրաւասութիւն չունին Սուրիոյ քարիւղը շահագործող ամերիկեան անձնական ընկերութեան օգնութեան ձեռք երկարելու, ոչ իսկ ընկերութեան պաշտօնեաներուն կամ գործակատարներուն ապահովութեան երաշխաւորը դառնալու։
Յիշենք, որ 30 Յուլիս 2020-ին, քրտական ՔԱՍԱՏ զինեալ խմբաւորման ղեկավար Մազլում Ապտի համաձայնութիւն կնքեց ամերիկեան յիշեալ ընկերութեան հետ՝ ՔԱՍԱՏ-ի հսկողութեան տակ գտնուող սուրիական քարիւղի հանքերը վերանորոգելու համար։