Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 74 նոր պարագաներ արձանագրուած են, 79 այլ վարակուածներ բուժուած են, իսկ 6 վարակակիրներ՝ մահացած։
Այսպիսով պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 14551-ի, բուժուածներունը՝ 8213-ի, իսկ մահացածներունը՝ 958-ի։