«Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հարցազրոյց ունեցած է հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպան Պարոնուհի Գարոլայն Գոքսի հետ։

Պարոնուհի Գոքս 87 անգամ այցելած է Արցախ. Արցախեան ազատամարտի օրերուն բազմիցս ելոյթ ունենալով Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ՝ վկայած է Արցախի դէմ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով վկայած է Մարաղայի կոտորածին մասին։

Հարցազրոյցի ընթացքին, բրիտանացի քաղաքական գործիչը յայտնած է, որ Նոյեմբերին Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին ականատեսը եղած է նոր ցեղասպանութեան մը հետեւանքներուն։ Ան վկայակոչած է Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները՝ պատերազմի ընթացքին մարդու իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ գործադրուած վայրագութիւններն ու խժդժութիւնները։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներու հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճակատագրին, Պարոնուհի Գոքս յայտնած է, որ բազում եկեղեցիներ եւ խաչքարեր այսօր կը գտնուին Նախիջեւանի Հին Ջուղայի խաչքարերու ճակատագրին ենթարկուելու սպառնալիքին տակ։

Ան խստօրէն դատապարտած է ռազմագերիներու հանդէպ ատրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքը։ Պարոնուհին քննադատած է նաեւ միջազգային մամուլի կողմնակալութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի եւ կոչ ուղղած է հայկական Սփիւռքին, որպէսզի այդ կողմնապաշտ քարոզարշաւը դիմակայելու պարտաւորութիւնը ստանձնէ։

Ան յայտնած է, որ աշխարհը այսօր երախտագիտութիւն պարտական է հայ ժողովուրդին ՝ հաւատքի ու ազատութեան առաջնագիծը պահելուն համար։

Աւելցնենք, որ Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին Պարոնուհի Գոքսը նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործուն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան։