Ստորեւ կը ներկայացնենք գրող, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Լեւոն Շառոյեանի հետ «Գանձասար»ի զրոյցին երկրորդ մասը.
«Գանձասար»- Ցաւօք, ներկայ սերունդը մասամբ ընթերցանութենէ հեռու է: Ինչպէ՞ս  կարելի է երիտասարդը կամ պատանին ընթերցանութեան մղել:
Լեւոն Շառոյեան- Ընթերցանութիւնը, համաշխարհային մակարդակով, լուրջ տագնապ կ՚ապրի ամէնուր: Այդ տագնապէն զերծ չէ անշուշտ սփիւռքը, բայց նաեւ՝ Հայաստանը: Բաղդատեցէ՛ք երեւանեան գիրքերու այսօրուան տպաքանակը Խորհրդային Հայաստանի շրջանին տպուածներուն հետ: Անկումն ու նահանջը ակներեւ են:
Ներկայիս, արհեստագիտական նոր միջոցներով փորձեր կ՚ըլլան ընթերցանութիւնը քաջալերելու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մօտ: Բազմաթիւ գիրքեր կը թուայնացուին, գրականութեան դասական գործերը համակարգիչներու պաստառներուն կը յղուին, առձեռն հեռաձայններու մէջ կը ներբեռնուին, պարզապէս՝ զանոնք մատչելի կամ հասանելի դարձնելու համար նոր սերունդին: Բայց… նոր սերունդը կը փախչի տարբեր ուղղութեամբ: Մին կը հալածէ միւսը, սակայն կարծէք չեն յաջողիր հանդիպիլ: Անտեսանելի պատ մը կայ «գիրք» կոչուած «ապրանք»ին ու մեր նորահաս սերունդներուն միջեւ:
Արհեստագիտական արդի միջոցները հրաշալի գիւտեր են անշուշտ: Ե՛ս ալ յաճախ կ՚օգտուիմ անոնցմէ: Սակայն, ըստ իս, այդ միջոցները շօշափելի ու բաղձալի արդիւնքի պիտի չհասցնեն մեզ: Գիրքի հաւատարիմ ընթերցող ըլլալու համար անհրաժեշտ է, որ մեր մատները թո՛ւղթը շօշափեն, գիրքը մեր ափերուն մէջ առնենք, կողքը գգուենք եւ գիրքէն մեզի փոխանցուող բոյրին ազդեցութեան տակ մնանք: Հետեւաբար, ես կողմնակից եմ, որ գիրքի ընթերցումը կատարուի ուղղակի տպագիր գիրքէն: Տագնապը բառնալու լաւագոյն դեղատոմսը մանկապատանեկան գրականութեան զարկ տալն է: Հրատարակե՛լ, շարունակ տպել ու վերատպել մանկական սիրուն գիրքեր, նաեւ՝ ունենալ մանկապատանեկան մամուլ: Ընթերցումի հաճոյքը մարդուս մէջ կը ծնի մանուկ տարիքէն, յետոյ կ՚արմատանայ հետզհետէ: Երբոր փոքր տարիքէն մանուկին մէջ կը ցանենք սէրը ընթերցանութեան, հետագային իրմով կ՚ունենանք հաւատարիմ ընթերցող մը: Աւելցնեմ, որ համակարգչային ընթերցանութիւնը յանձնարարելի չէ առողջապահական դիտանկիւնէ ալ: Կարելի՞ է բաղդատել ատիկա տպագիր գիրքի ընթերցանութեան հետ:
«Գ.»- Միջավայրն ու շրջանակը իրենց անդրադարձը կ՚ունենան, անկասկած, ընթերցողին ու գրողին վրայ: Ձեր աշխատանքներուն ընթացքին, գրական ինչպիսի՞ շրջանակներու հետ աղերսուած էք, ինչպիսի՞ կապեր ու յարաբերութիւններ մշակած էք սփիւռքահայ գրողներու հետ:
Լ.Շ.- Ես կը պատկանիմ սերունդի մը, որ մեծանուն կամ համբաւաւոր գրողներու հետ ծանօթանալու պատեհութիւնը չէ ունեցած դժբախտաբար: Երբ իմ գիտակից տարիքին հասայ ու ինքզինքս գրասէր սկսայ սեպել, այլեւս չկային,- գոնէ մեր անմիջական շրջանակին մէջ,- ո՛չ Սիմոն Սիմոնեանը, ո՛չ Մուշեղ Իշխանը, ո՛չ Ծառուկեանը…: Իմ սերունդը այդ անունները ճանչցաւ անոնց գրականութեան ընդմէջէն: Բայց ի տարբերութիւն ուրիշներու, ես կրցած եմ կապեր ու կամուրջներ հաստատել արտասահման գտնուող բուռ մը գրողներու հետ, անձնական միջոցներով: Սփիւռքեան մամուլին իմ կանոնաւոր աշխատակցութիւնը, իր կարգին, մեծապէս օգնած է այդ կապերուն ու խթանած է զանոնք:
Երբ 2000 թուականին իմ անդրանիկ այցելութիւնը կատարեցի Պոլիս, արեւմտահայ գրականութեան ու մշակոյթի երբեմնի կեդրոնը, Պարոնեանի նման սկսայ շրջիլ քաղաքին թաղերուն մէջ: Զիս շատ չէին հետաքրքրեր հայ ճարտարապետներու կողմէ կառուցուած սուլթանական պալատներն ու տեսարժան վայրերը: Ես կ՚որոնէի երկու բան. նախ՝ հայկական կեդրոններ (եկեղեցի, դպրոց, խմբագրատուն, գերեզմանոց…), ապա՝ տեսարժան մարդիկ: Կը վազէի եկեղեցիէ եկեղեցի ու թերթէ թերթ՝ հի՜ն ու անոյշ բոյր մը շնչելու նպատակով:  Սկիւտարի գերեզմանատունը կ՚երթայի՝ Դուրեանի շիրիմը այցելելու, Ազգ. Պատրիարքարան կ՚երթայի՝ մեր հին պատրիարքներէն իմ ստացած տպաւորութիւնները աչքով  հաստատելու համար: Վարժարաններու դասասենեակներուն մէջ կը փնտռէի Գր. Զօհրապը, Չոպանեանը, Զապէլ Ասատուրը, Ռուբէն Զարդարեանը, Սիրունին…:
Պոլիսը ինծի համար հայկական ապրումներու օճախ մը եղած է միշտ, որ չի յագեցներ, չի ալ մաշիր: Ամէն քայլափոխիդ՝ պատմութեան հետք մը կայ, եթէ անշուշտ պատմութիւն գիտես ու պորտալարդ չես խզած անցեալիդ հետ:
Բարեբախտաբար, Պոլիս այցելեցի բազմիցս: Ու այդ շրջաններուն՝ բախտն ունեցայ շատ մտերիմ յարաբերութիւններ հաստատելու տեղւոյն մտաւորականութեան մնացորդացին հետ.- Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Ռ. Հատտէճեան, տոքթ. Վարդ Շիկահեր, Իգնա Սարըասլան, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, Մկրտիչ Մարկոսեան եւ այլն:
Կապեր ունեցած եմ սփիւռքահայ ճակատէն բազմաթիւ մտաւորականներու հետ ալ: Խմբագիրներ, գրողներ, հրապարակագիրներ…: Ես, ամէն պատեհ առիթով, զիրենք փնտռած եմ, իրենք ալ՝ զիս: Ի վերջոյ, չմոռնանք որ գրական մարզի սպասարկուներս փոքրամասնութիւն մըն ենք մեր ժողովուրդի ծոցին մէջ: Իրարմով կ՚երջանկանանք ու զիրար կը գօտեպնդենք:
«Գ.»- Խնդրեմ անդրադառնաք ձեր հեղինակած գիրքերուն՝ մէկ առ մէկ: Ինչերո՞ւ մասին կը խօսին անոնք:
Լ.Շ.- 2000 թուականին, երբ Պոլսոյ Ա. այցելութենէս վերադարձայ Հալէպ, այնպիսի խորունկ տպաւորութիւններու տակ էի մնացեր, որ շուտով նստայ ու գրի առի իմ թարմ տպաւորութիւնները: Բուռն փափաքն ունէի զանոնք բաժնելու ընթերցողներուն հետ: Ինչե՜ր ու ինչե՜ր տեսեր էի, ու կը խորհէի որ ատոնց մասին իրազեկ պէտք էր դարձնէի իմ ընթերցողները եւս: Գաղութները հարկ է որ ճանչնային զիրար: Ահա այդ նպատակով ալ սկսայ շարադրել «Յաւերժօրէն Սիրելի ՛՛Մերին Պոլիսը՛՛» ուղեգրութիւնը, որ Հալէպէն Պոլիս այցելող երիտասարդի մը (որ ես էի) խանդավառ տպաւորութիւնները կը մեկտեղէր Վոսփորի ափերուն իր գոյութիւնը հազա՛ր դժուարութիւններով շարունակող հիանալի համայնքի մը մասին: Այս յօդուածաշարքը նախ տպուեցաւ «Յառաջ»ի մէջ, աւելի ուշ՝ զայն ամբողջովին արտատպեց «Մարմարա»ն: Շուրջ երեք տարի անց, 2003-ին, «Մարմարա»ի խմբագրութեան ազնիւ նախաձեռնութեամբ՝ այդ յօդուածաշարքը գիրքի վերածուելով հրատարակուեցաւ Պոլսոյ մէջ, իբրեւ իմ գրական երախայրիքը: Պոլսեցիները, որոնք զիս իրենցմէ մէկը կը համարէին այլեւս, այսքանով չբաւականացան: Յաջորդ տարի անոնք իմ նորատիպ հատորին համար սարքեցին հրաշալի շնորհանդէս մը, ի՛մ իսկ ներկայութեան: Գրական անմոռանալի խնջոյք մըն էր ատիկա, որուն ընթացքին խօսք առին շատ սիրելի գրչեղբայրներ:
Դէպի Պոլիս տրուած այցելութեան նմանողութեամբ՝ բացառիկ այլ այցելութիւն մըն ալ իրականացուցի դէպի… Պուէնոս Այրէս, Արժանթինի մայրաքաղաքը, 2011-ին: Այս եւս գրական առաքելութեամբ կը կատարուէր: Պիտի նշուէր գրագէտ, խմբագիր ու վաստակաւոր ուսուցիչ Պետրոս Հաճեանի յոբելեանը: Հաճեանի հետ իմ կապերը կու գային շատ հին թուականներէ՝ Ճեմարանի ուսանողութեանս տարիներէն: Հաճեան փափաքած էր որ յանձն առնեմ երկար ճամբորդութիւն մը ու այցելեմ Հարաւի ցամաքամասը՝ իր յոբելեանին բանախօսելու համար: Պոլսէն ետք, ուրեմն, պիտի յայտնաբերէի Արժանթինը եւս, իր հոծ հայութեամբ եւ անցեալի պատմութեամբ:
Պուէնոս Այրէսի իմ այցելութիւնը առիթ ստեղծեց ինծի, որ սեփական աչքերով տեսնեմ թէ ինչպիսի՛ կացութեան մէջ կը գտնուէր տեղւոյն գաղութը: Երբ Հալէպ վերադարձայ՝ կրկին գրիչը ձեռք առի ու շարադրեցի լման գիրք մը, զոր կոչեցի «Պուէնոս Այրէս, Արմենիա Փողոց»: Յորդահոս տպաւորութիւններու շարք մըն ալ այս եղաւ, որ նախքան հատորի վերածուիլը (2014-ին)՝ շաբաթներ շարունակ տպուեցաւ տեղւոյն «Սարտարապատ» շաբաթաթերթին մէջ, լայն հետաքրքրութիւն յառաջացնելով: Ճիշդ է, որ ինձմէ առաջ, 60-ական թուականներուն ուրիշներ ալ հեռաւոր ու մոռցուած այդ գաղութը այցելելով՝ իրենց տպաւորութիւնները հրատարակեր էին ատենօք (ինչպէս Ծառուկեանը՝ իր «Հարաւային Կողմն Աշխարհի» հատորով), սակայն իմ գիրքը բոլորովին նո՛ր կացութեան մը առջեւ վարագոյր կը բանար, որովհետեւ կը խօսէր 2000-ական թուականներու Հարաւային Ամերիկայի մասին: Ծառուկեանի շրջանէն սահեր-անցեր էին 40-45 տարիներ ու հիմա մեծ փոփոխութիւններ կատարուեր էին Հարաւի մեր գաղութներուն մէջ: Լեզուական իմաստով՝ նահանջը ահաւոր էր, որովհետեւ արժանթինահայ գաղութը դարձած էր կատարելապէս սպանախօս: Շատ կը ցաւէի, երբ կը տեսնէի տեղւոյն հայկական թերթերը, բոլորն ալ սպանագիր ու ոչ-հայատառ:
Իմ յաջորդ զոյգ գիրքերը կոչուեցան «Դեգերումներ Հայ Գիրի Եւ Պատմութեան Գետեզրին»: Երկու հատորներ, որոնք գրուեցան ու հրատարակուեցան Սուրիոյ պատերազմի տաք շրջանին,  2016-ին եւ 2018-ին: Մեր սիրելի Շահան սրբազանին կողմէ հաստատուած «Այգ» մատենաշարին պտուղներն էին ասոնք:
«Դեգերումներ»ու Ա. հատորը կարօտի ճամբորդութիւն մըն էր կարծէք՝ դէպի  մեր գրականութեան եւ հայոց պատմութեան էջերը, հանդիպում մը՝ գրական կամ պատմական այնպիսի դէմքերու հետ, որոնց անունները երբեմն փոշիներու տակ կը կորսուին, յիշողութենէ կը սրբուին: Զորօրինակ, ֆրանսահայ վիպագիր եւ գրագէտ Զարեհ Որբունին, զրուցագիր Կարօ Փօլատեանը, թրքահայ լեզուագէտ Յակոբ Մարթայեանը (Տիլաչար), գրագիտուհի Սիրան Սեզան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեր Ազգային Սահմանադրութեան հիմնադիրներէն բժ. Սերոբվէ Վիչէնեանը (Սերվիչէ) եւ նմանօրինակ այլ դէմքեր: Ասոնց մասին կատարած եմ ուսումնասիրութիւններ, երբեմն գործածելով նաեւ ափսոսանք արտայայտող վերնագրեր, օրինակ՝ «Ո՞վ կը յիշէ այսօր Զարեհ Որբունին»: Այսպիսով, փորձած եմ ետդարձ մը ընել դէպի անցեալ եւ մոռացութեան փոսէն դո՛ւրս քաշել այս անունները ու անոնց գրական, հանրային կամ ազգային դերակատարութիւնը վերստին լուսարձակի տակ առնել, յօգուտ ժամանակակից կամ ապագայ ընթերցողին:
Ինչ կը վերաբերի «Դեգերումներ»ու Բ. Հատորին, ապա անիկա առաւելաբար բանասիրական ու լեզուագիտական բովանդակութիւն ունի: Երկու մայր գլուխներ կան հոն. Առաջինը՝ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած 100 էջանի ընդարձակածաւալ ուսումնասիրութիւնն է: Այս 300-ամեակը (2017-ին) կարծէք կայծ մը բոցավառեց իմ սրտին մէջ եւ սկսայ անդուլ պրպտումներ ընել, մօտէն ճանչնալու համար Մխիթար Սեբաստացին յաջորդող այն պատկառելի վարդապետները, որոնք Ս. Ղազարը վերածած էին հայ մշակոյթի բոցավառ օճախի մը: Ուրեմն, մէկ առ մէկ ներկայացուցի երկու տասնեակ Մխիթարեան վաստակաւոր դէմքեր (սկսելով Հ. Ղուկաս Ինճէճեանէն, Աւգերեանէն ու Չամչեանէն՝ հասնելու համար մինչեւ Ալիշան): Կանգ առի 20-րդ դարու շեմին: Հիմա նոր շարքի մը պէտք է ձեռնարկեմ՝ այս անգամ տալու համար յաջո՛րդ 100 տարուան դէմքերն ալ…:
Իսկ գիրքին երկրորդ բաժինը իւրայատուկ «դեգերում» մըն է հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ: Իմ նախասիրած մէկ նիւթն է այս: Պտտիլ բառերու պարտէզներուն մէջ, երեւան հանել նմանահնչիւն կամ նմանաձայն շփոթեցուցիչ բառեր, ստուգաբանել զանոնք, յետոյ առնչել այդ բառերը մեր գրականութեան ու առօրեայ ապրումներուն հետ: Այս յօդուածաշարքը աւարտած չէ անշուշտ: Մինչեւ այսօր, մերթ ընդ մերթ, նմանահնչիւն հետաքրքական բառեր նօթ կ՚ընեմ, որպէսզի պատեհ առիթով այդ բառերուն շուրջ շարունակեմ իմ անկասելի դեգերումները…:
   Անցեալ տարի «Գանձասար»ի մէջ սկսած էի հրատարակել հայերէն այբուբենի ձայնաւոր եւ բաղաձայն տառերուն շուրջ զրոյցներու շարք մը, ուր ուղղագրական օրէնքներ կը բացատրէի եւ անոնց հիմամբ՝ արեւմտահայերէնի ուղղագրական դժուարութիւնները յաղթահարելու ուղիներ կ՚առաջարկէի: Օրինակ, ինչպէ՞ս պէտք է խուսափինք Ո-ի եւ Օ-ի շփօթէն: Կը ծրագրեմ յառաջիկային առանձին գրքոյկով մը լոյս ընծայել այս շարքը իբրեւ ուղղագրական ուղղեցոյց, կամ եթէ կ՚ուզէք՝ գրականութեան օժանդակ գիրք, օգնելու համար մեր դպրոցականներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնց համար ուղղագրական դժուարութիւնները իսկապէս մղձաւանջ մըն են, դպրոցներու մէջ թէ անկէ դուրս:
* * *
Խնդրեմ հետեւեալ հարցումներուս մէկ պարբերութեամբ պատասխանէք.-
«Գ.»- Ի՞նչ է պրն. Լեւոն Շառոյեանին անկատար իղձը:
Լ.Շ.- Շատ պիտի ուզէի ունենալ հայերէն սեփական ՕՐԱԹԵՐԹ մը ու զայն խմբագրել իմ ճաշակով ու աշխարհայեացքով: Գիտեմ սակայն, որ նման բաղձանք մը՝ սփիւռքի (նաեւ Հալէպի) այժմու պայմաններուն մէջ, պարզապէս ցնորամտութիւն է:
«Գ.»- Պրն. Լեւոն Շառոյեան տակաւին  ի՞նչ ունի տալիք գրականութեան, արեւմտահայերէնին, նոր սերունդին, պատմութեան…:
Լ.Շ.- Թղթապանակներս լեցուն են անաւարտ շահեկան գործերով:  Ունիմ գրական ու  պատմական կուտակուած ուսումնասիրութիւններ, որոնք հրատարակութեան կը սպասեն:
«Գ.»- Ձեր յաջողութիւնները որո՞ւ կամ ինչի՞ կը պարտիք:
Լ.Շ.- Իմ Ինքնաշխատութեա՛ն, ինքնազարգացումի անդուլ ճիգերո՛ւն, յարատեւութեան եւ հետեւողական աշխատանքին:
(շար.2 եւ վերջ)
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւանայ Հալլաճեան