Յաջողութիւնը դրական որակ է, որ անհատին կը շնորհուի իւրաքանչիւր աշխատանքի  աւարտին։
Հոգեբաններուն մօտ յաջողութիւնը կը սահմանուի որպէս անձի մը ներուժին (եռանդ, ուժ, կորով, կամք) լաւագոյն օգտագործումը՝ նպատակներու իրականացման համար։
Վերջերս զրոյցի մը ընթացքին ընկերոջ մը հարցուցի իր կեանքի յաջողութեան գաղտնիքին մասին։ Ան ըսաւ. «Իմ յաջողութեան գաղտնիքը պարտաւորութիւնն է»,  ուրիշ ընկեր մը ըսաւ. «Իմ յաջողութեան գաղտնիքը նպատակիս հասնելու վճռականութիւնն է»: Երրորդը հաստատեց. «Յաջողութեանս գաղտնիքը աշխատանքի պայմանաժամի եւ կարգապահութեան պահպանումն է»։
Հետեւաբար յաջողութիւնը բախտի կամ հանճարի հետ կապուած երեւոյթ մը չէ, ան կախեալ է  նախապատրաստութեան որակէն եւ անսասան վճռականութենէն։
Եզրակացնելով կը կարծեմ որ ընդամէնը քանի մը քայլ պէտք է առնել յաջողակ մարդու որակ ձեռք ձգելու համար.
1.- Ո՞վ ենք մենք իսկութեան մէջ. պէտք է հասնինք մենք մեզի հետ կատարելապէս անկեղծ ըլլալու աստիճանին, թէ ի՛նչ իրավիճակի մէջ ենք ներկայիս, որո՛նք են մեր թոյլ կողմերը, եւ արդեօ՞ք ունինք որեւէ հարց, որ կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ մեր նպատակի իրականացման։
2.- Փորձենք յստակացնել մեր նպատակը, որուն ձգտած ենք եւ որուն հասնիլ երազած ենք տեւաբար, գրենք մեր երազանքները թուղթի մը վրայ առանց կարգի, յետոյ մէկ այլ թուղթի վրայ դասաւորենք զանոնք ըստ առաջնահերթութեան։ Սա կը խթանէ մեր մտածողութիւնը, որովհետեւ ամէն անգամ որ կը կարդանք գրուածները, կը յիշենք, որ պէտք է զանոնք կեանքի կոչել։ Այսպիսով  առաջին փուլը կ՚անցնինք եւ կը տեսնենք, որ մեր երազանքները քայլ առ քայլ իրականութիւն կը դառնան, ձեւ ու մարմին կը զգենուն։
3.- Չյետաձգենք մեր գործերը։ Լաւագոյն գործերը անոնք են, որոնք կ՚իրականացնենք առանց ժամանակ կորսնցնելու եւ յետաձգելու։
4.- Միշտ յիշենք, որ յաջողութիւնը ձեռք բերուած որակ է։ Չկայ մարդ, որ յաջողակ կամ ձախողակ կը ծնի։ Այս գնահատականներուն մեր աշխատանքով կ՚արժանանանք պարզապէս։
5.- Անհրաժեշտ է տեւաբար ի մտի ունենալ յաջողութեան առաջնորդող քայլերը, ինչպէս նաեւ ինքնավստահութիւնն ու հաւատքը։
6.- Փորձենք հեռու մնալ բացասական հայեացքներ ունեցող մարդոցմէ, եւ շրջապատուինք դրական մտածելակերպ ունեցող ընկերներով, որոնք նաեւ կրնան  մեր յաջողութեան լաւագոյն շարժառիթը ըլլալ։
Մտածողութեան ձեւը ապրելաձեւի ընտրութիւն է։ Երջանիկ մարդը այն չէ, որ բախտաւոր է, կամ կը վայելէ որոշակի հանգամանքներ, այլ ան՝ որ ունի առողջ ու քննական մտածողութիւն։
Մի՛շտ յիշեցէք՝ «նպատակը ձեր ուժին աղբիւրն է»։ Ձախողութիւնն ալ պատահական է, մի՛ ընկրկիք ձախողութենէն, ան նոր յաջողութեան մը սկիզբը կրնայ ըլլալ:
Ինչպէս ըսած է  նահատակ, հրամանատար ընկ. Յարութ Բանոյեանը. «մեր ուժը մեր կամքն է»։
Քարէն Պչագճեան