Գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, նոր տարուան առաջին իսկ օրը, սենեակիս պատէն կախուած հին տարուան հայկական մեր օրացոյցը, երբ նորով կ՚ուզեմ փոխարինել, անպայման, նախ հինը էջ առ էջ աչքէ կ՚անցնեմ եւ ապա հոն տեղ գտած զաւակներուս, թոռներուս եւ մտերիմ բարեկամներուս ու զարմիկներուս ծննդեան կամ ամուսնութեան թուականներուն եւ այլ նօթերուս հետ, «նորին» վրայ կ՚արտագրեմ, ամէն տեսակի մոռացութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու առաջքը առնող, իբրեւ շատ օգտաշատ եւ արդարամիտ որդեգրում:
Այս տարի, սակայն, երբ բարեկամներէս մէկուն տարեդարձը արձանագրելու համար հասած էի օրացոյցի Փետրուարի էջի 11-ին, նկատեցի, որ ճիշդ այդ օրուան յատկացուած քառակուսիին մէջ գրելու տեղ չունէի, որովհետեւ արդէն սեւատառ եւ երկլեզու տպուած էր.- «Սրբոց Վարդանանցն Զօրավարացն»: Ուստի գոհացայ շատ մանր տառերով նօթս արտագրելով, միեւնոյն ժամանակ միտքս ինքնածին իր առողջ յուշերուս տողանցումով  շատ-շատ հեռուներ սաւառնեցաւ:
Յիշեցի ուսուցչութեանս օրերը, որոնք ինծի համար սիրելի էին: Է՜հ, կար ժամանակ, երբ տարիներով հայերէն լեզուի դասատու էի, ու ամէն Փետրուարի Վարդանանցի յիշատակման տարեդարձին, իմ պահերուն եւ կամ ատենամարզանքի մթնոլորտի մը մէջ, բոլոր աշակերտներուս մեծ ախորժակով եւ երկարօրէն Վարդան Մամիկոնեանի եւ Աւարայրի մասին կը պատմէի, կը խօսէի ու ձեւով մը «կը յորդորէի»:
Ի՜նչ լաւ օրեր էին, թէ՛ ինծի եւ թէ  հայ նոր սերունդներուն համար ոգեշնչող օրեր: Այո, երբ կը զգաս, որ խօսքդ, ըսելիքդ եւ բառերդ մտիկ ընողներ կան, աւելին՝ երբ քեզի հասկցողներ կան, ուստի ըսելիքդ աւելի ամբողջական կը դառնայ եւ իր «տեղը» կը հասնի:
Ահա թէ ինչո՞ւ կը սիրէի պաշտօնս: Ու ամէն տարի իբրեւ դարերէն մեզի հասնող աւանդ, մեր այդ մատղաշ կամ հասուն ուղեղներուն մէջ կը սերմանէի հայու ազատութեան ձգտումն ու անոր հաւատքի եւ կամքի զօրութիւնը, որոնց շնորհիւ, իբրեւ անմնացորդ նուիրում եւ սրտապնդիչ երեւոյթ, չէինք կորսնցուցած մեր մտքի բանալին ու այս ձեւով կառչած մնացած էինք՝ մայր հողին եւ մեր պապերու սուրբ հաւատքին:
Ու միշտ ալ յիշեցուցած էի, որ պատմական ուրախ եւ դժբախտ օրերով լեցուն էին հայոց պատմութեան էջերը: Իւրաքանչիւր դարաշրջան հայ ժողովուրդը տեսակաւոր պատերազմներ մղած էր։ Այս բոլորը ո՛չ թէ այն պատճառով, որ հայերս կռուազան էինք կամ պատերազմիլ կը սիրէինք, այլ պատերազմներ մղած էինք մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու եւ գոյատեւելու համար: Այդ իսկ պատճառով յաճախ հայոց գահը իր գահակալէն եւ անոր թագէն զրկուած էր, ու երկիրն ու անոր հետ միատեղ ժողովուրդն ալ օտար կամ դրացի բռնակալութիւններու կողմէ կեղեքուած: Ահա թէ ինչպէ՞ս մեր հայրենիքը դարձած էր օտար սմբակներու ոտքի կոխան եւ մանաւանդ կեր՝ զանազան մեծ ու փոքր կայսրութիւններու քաղաքական լայն ախորժակներուն: Բայց…բայց, միշտ աշակերտներուն շեշտած էի, թէ պէտք չէ մոռնալ, որ հայը միշտ համբերութեամբ տարած էր օտարին լուծը, եւ երբ դանակը հասած էր իր վզին եւ դպչած հոգիին, անոր թռիչքին ազատութեան, ըմբոստացած էր ու ինքնածին պոռթկումով, իր արեան ու կեանքին գնով պարզած էր ապստամբութեան  դրօշը:
Վկայ՝ հայուն դարաւոր պատմութիւնը:
Ու որքան ալ տարեթիւերը տարբերէին, Վարդանանց պատերազմը, քրիստոնեայ մեր պետութեան առաջին պատերազմն էր՝ հայրենիքի եւ հաւատքի համար մղուած: Տեսակ մը վտանգաւոր եւ սակայն օրինակելի փորձաքար: Ուստի, իբրեւ աշակերտներ, ուսանողներ եւ հայ մարդիկ, ուր որ ալ գտնուէինք, պարտաւոր էինք տէր կանգնիլ մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն եւ մանաւանդ ուխտել՝ դառնալ Վարդան Մամիկոնեանի եւ անոր զինակիցներուն արժանի եւ հաւատարիմ ժառանգորդները:
Այսպէ՛ս ամբողջացուցած էի խօսքս:
* * *
Այս օրերուն, երբ կը փորձենք բանալ մեր մտքի պարզ դարանները, կը տեսնենք, թէ որքան խորունկ եւ շօշափելի «բան» կայ 451 թուականին ետին: Փաստօրէն Աւարայրի ճակատամարտը ազգային ինքնապաշտպանութիւն ըլլալով հանդերձ, հայու հոգին սնուցանող եւ անոր ազատ, անկախ եւ ինքնուրոյն ապրելու բնազդային պահանջն ու կամքը արտայայտող մեծ երեւոյթ ալ է։ Այլ խօսքով՝ մեր ազգային նկարագրի դրսեւորումը:
Նուիրական եւ սուրբ զոհաբերութիւն։
Աւարայրի եւ կամ Վարդանանց ճակատամարտ-հերոսամարտը, իբրեւ ազգային տօն, մեր ժողովուրդը ամէն տարի մեծ յարգանքով եւ հպարտանքով կը յիշատակէ, որովհետեւ զօրավար Վարդան Մամիկոնեան եւ իր բոլոր զինուորները մեզի համար ո՛չ անցեալ են, ոչ ալ ապագայ, այլ՝ միշտ ներկայ եւ ժամանակակից: Անոնք իրենց մարտիրոսացումով մեզի մեծ դաս մը տուին, խորհուրդ մը փոխանցեցին, կտակ մը ժառանգ ձգեցին՝ տէր կանգնելու հայրենի մեր հողին եւ ազգային արժէքներուն, սիրելու եւ խօսելու մեր մայրենի լեզուն, ամուր պահելու դարաւոր, քրիստոնեական մեր հաւատքը, յարգելու մեր աւանդութիւնները, պաշտպանելու մեր ազատ ու անկախ Հայաստանը, մասնակից դառնալու հայրենիքի ամէնօրեայ հեւքին եւ վերելքին, որպէսզի ներքին եւ արտաքին պայքարներու այս շղթայէն հայութիւնը ինքնաճանաչումով, ինքնաքննադատութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ յաղթական դուրս գար: Մեր մեծերը միշտ պատգամած են.-«Եթէ կամքը կայ, ուստի այս առիթով մղուած ջանքերը ի զուր չեն»:
Աւարայր՝ Հողի եւ հաւատքի անբացատրելի խորհուրդներ ունի իր մէջ: Անոր համար մարդիկ պէտք է կարդան պատմութիւնն ու ըմբռնեն անոր պատգամը: Թշնամին զէնքի ուժով ուզած էր հայու հոգին անջատել անոր մարմինէն ու զայն հեռացնել իր արմատներէն, բայց նպատակին չհասաւ:
Թելադրանք մը կայ այս խորհուրդին կողքին: Չենք ուզեր մեր երկրին պէս դժբախտ ազգ ըլլալ, ուստի պարտաւոր ենք գտնել մեր գոյութեան կշռոյթը, միասնական ոգիով պայքարիլ ժամանակներու պարտադրած պայմաններուն դէմ:
Աւարայրեան անհաւասար կռիւ մղելը այս օրերուն մեզի համար պէտք է ըլլայ մենք զմեզ ու մեր թշնամիները լաւապէս ճանչնալու քաջութիւն եւ յատկապէս  ազգային մեր հոգեմտաւոր կառոյցները հաստատ ու կանգուն պահելու աշխատանք, մեր հաւաքական վճռակամութիւնը, սփիւռքեան մեր բոլոր գաղութները առողջ ու միատարր պահելու առաքելութիւն։ Արդ, իւրաքանչիւրիս ճիտին պարտքն է 451-ի փորձաքարը պահել իբրեւ ազգային լինելութեան հիմնաքար:
Ահա Աւարայրեան դիւցազնամարտի գերագոյն խորհուրդը:
Գէորգ Պետիկեան