«Երկիր».-Որոշ ուշացումով լոյս  տեսած է «Վէմ» հանդէսի 2020 թ.֊ի վերջին` 4-րդ թիւը, որ կապուած է ոչ միայն «Վէմ Մատենաշարի» հրատարակման, այլեւ հանդէսի գործարքային աշխատակիցներուն պսակաձեւ ժահրով վարակուելու կացութեան հետ:

Հակառակ տեղի ունեցած դժուարութիւններուն,  սոյն թիւը բաւական ծաւալուն եւ հարուստ նիւթեր ունի:  Խմբագրականը նուիրուած է այսօր ազգը յուզող հիմնական հարցին` պատերազմի մեր անյաջողութիւններու գիտական քննութեան:

Ընթացիկ բոլոր քաղաքական հարցերը մէկ կողմ դրած` անաչառ գիտնականի կարծիք է, որ հիմնուած է միայն ու միայն` ճշմարտութեան բացայայտման նպատակին վրայ, որ կը ստիպէ վերաքննութեան ենթարկել մեր անվտանգային միջավայրի մասին նախորդ տասնամեակներուն արմատաւորուած պատկերացումները: Ոմանք կրնան համաձայն չըլլալ մեր տեսակէտին հետ, բայց հարցի գիտական քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ ճակատագրական սխալը տեղի  ունեցած է երկու հազարամեակներու սահմանագիծին, թէեւ հակառակ փորձագէտներու բազմաթիւ նախազգուշացումներուն, Հայաստանի ղեկավարութիւնը անտեսեց համաշխարհային մակարդակով ուժ եւ ուժի գործօն հասկացութիւններու ներքին բովանդակութեան մէջ կատարուած տեղաշարժի փաստը, այսինքն` որակական աղբիւրներու` միտքի ու նորագոյն ճարտարագիտութեան առաջնայնութեան հաստատման իրողութիւնը: 1998-էն սկսեալ` այդ մասին մեր նման գիտնականներուն` օրուան իշխանութիւններուն ուղղուած բազմաթիւ հրապարակային նախազգուշացումները անտեսուած են աւելի շուտ ոչ թէ քաղաքական, այլ մտային-հոգեկերտուածքային պատճառներով: Որովհետեւ պատկանելով խորհրդային դպրոցին, անոնք շարունակած են առաջնորդուիլ ռուսական զէնքի եւ ընդհանրապէս` ուժի հանդէպ կոյր պաշտամունքով, որ, սակայն, անոնց եւս չէ ազատած պատասխանատուութենէն:

Ուստի վերջին ցաւալի դէպքերէն վերջ, ստիպուած ենք դարձեալ յիշեցնել շուրջ երկու տասնամեակ մեր հասարակութեան մտածող մասի կողմէն յամառօրէն հնչած, բայց անտեսուած ` մրցակցային միջավայրի փոփոխութեան մասին ահազանգը` հանդէսի Հիմնաքարեր բաժինին մէջ տպագրելով փրոֆ. Ալեքսանդր Ս. Մանասեանի արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը:

Հանդէսի տարեվերջեան համարով աւարտած է Աննալներու պատմագիտական դպրոցի վերջին ձեռքբերումներուն ` Սմբատ Խ․Յովհաննիսեանի ամփոփման եւ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեանի տաճարի հայերէն արձանագրութիւններու քննութեան մասին` Մայքլ Է. Սթոունի ու Խաչիկ Ա. Յարութիւյեանի յօդուածաշարերու տպագրութիւնը:

Մեծ հետաքրքրութեամբ  ընթերցուած է յատկապէս արուեստաբան Անի Ս. Յակոբեանի` Աւետիս Ահարոնեանի «Նազէի Օրօրը, Ժողովրդական Երգարուեստի մէջ» հրապարակումը` Աւետիս Ահարոնեանի «Արցունքի Հովիտը» արձակ տրամայի միակ չափածոյ հատուածը կազմող` «Նազէի Օրօրը» երգի ոդիսականի մասին: Իր հիմքով 1890-ականներու կոտորածներու վիշտը արտացոլող ժողովրդական ստեղծագործութիւն ըլլալով, Աւ. Ահարոնեանի գրիչին շնորհիւ  վերածուած է չափածոյ բանաստեղծութեան ու թափանցած է նախաեղեռնեան Վասպուրական: Սակայն պահպանուած է նաեւ նախնական` Սուրմալուի տարբերակը: Արխիւային պրպտումներն ու ձայնագրութիւններու համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, որ «Նազէի Օրօրի» ահարոնեանական ու ժողովրդական տարբերակները «հանդիպած են իրար»` արդէն ներկայ Հայաստանի տարածքին մէջ: