«Թերթ»ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման համակարգող, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսած է, որ Նիկոլ Փաշինեան փափաք չէ յայտնած արտակարգ ընտրութիւններու ուղղուիլ, պարզապէս կեղծ օրակարգով փորձած է շեղել, խաբել հանրութիւնը՝ աթոռին կառչած մնալով: Իշխանութիւնները, սակայն, պիտի չմարսեն իրենց դաւաճանական արարքները:
«Թերթ»- Պարո՛ն Սաղաթէլեան, իշխանութիւնները կը հրաժարին արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելէ, ինչո՞ւ ձեր կարծիքով:
Ի.Ս.-Արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու գաղափարէն հրաժարելու հիմնական 3 պատճառ կայ: Առաջինը՝ անոնք հասկցած են, որ ընտրութիւններուն միջոցով վերարտադրուելու առիթ չունին. պարզապէս անկարելի է: Երկրորդ՝ հասկցած են, որ արտակարգ ընտրութիւններու պարագային իրենց խումբին հետ ալ հարցեր  պիտի ունենան, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ բախտի բերմամբ յայտնուած պատգամաւորներուն մեծ մասը պիտի կորսնցնէ իր մանդատը (կառավարելու իրաւունք «Գ.»): Երրորդ՝ կը մտածեմ, որ կարելի է շարունակել ժողովուրդը խաբել, լռեցնել եւ այս ամէնը մարսել: Այս պատճառներով որոշած են ուժի միջոցով պահել իշխանութիւնը եւ հրաժարիլ նաեւ այդ միտքէն, բայց չարաչար կը սխալին:
«Թ.»- «Իմ Քայլը» յղում կը կատարէ ժողովուրդին. ըսելով, որ պահանջ չկայ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնն ալ հրաժարեցաւ այդ պահանջէն:
Ի.Ս.- Ինծի կը թուի, թէ հարցումը ՔՊ շրջանակին ուղղած են միայն, մասնաւորապէս իրենց խմբակցութեան, այլապէս կը հասկնային հասարակական իրական պահանջ կա՞յ, թէ ոչ:
«Թ.»- Պարո՛ն Սաղաթէլեան, այլ վախեր չէ՞ք տեսներ, շատերը կը յայտնեն, որ այդ մէկը կրնայ առնչուած ըլլալ նաեւ երկրորդ նախագահին յայտարարութեամբ, որ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի եւ վստահաբար պիտի յաղթէ:
Ի.Ս.- Եթէ կը յիշէք, մենք քանի մը անգամ ըսած ենք, որ աթոռին կառչած անձը կը փորձէ օրակարգը շեղել. ինք մտադրութիւն չունէր արտակարգ ընտրութիւններու ուղղուիլ, կրկնեմ՝ լաւ կը հասկնայ, որ վերընտրուելու առիթ չունի: Այս իմաստով գնահատած է իրավիճակը, հաւանական մասնակիցները ու պիտի փորձէ կառչած մնալ աթոռին, խուսափիլ պատասխանատուութենէն:
«Թ.»-Դուք ըսիք, որ կարելի չէ ժողովուրդը խաբել, բայց ի՞նչ  պիտի ըլլայ, եթէ այդպէս չըլլայ. կը տեսնենք նաեւ, որ հասարակութեան մէջ կան նաեւ այնպիսի անձեր, ովքեր այսքան բանէ վերջ կը փորձեն արդարացնել Նիկոլ Փաշինեանը:
Ի.Ս.-Սովորաբար ամբոխավարները ժողովուրդը մէկ անգամ կը խաբեն, բայց երկրորդ անգամ չեն յաջողիր: Անոնք, թաքնուելով ժողովուրդի թիկունքին ետին, անընդհատ կը խօսին ժողովուրդին անունով՝ կը փորձեն տպաւորութիւն ստեղծել, որ ամէն ինչ լաւ է, պահանջ չկայ հեռացման, փորձելով հասարակութիւնը մասնակից դարձնել իրենց խայտառակ դաւաճանական ծրագիրին:
«Թ.»- Պարո՛ն Սաղաթէլեան, ընդդիմադիրները մեծաւ մասամբ կը յայտնէին, որ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան պայմաններուն մէջ արտակարգ ընտրութիւններու չուղղուիլ, այլ կ՚առաջարկէին ժամանակաւոր կառավարութիւն յառաջացնել, որմէ մէկ տարի վերջ ուղղուիլ ընտրութիւններու: Հիմա պահանջները նո՞յն են, ի՞նչ պիտի ընէք:
Ի.Ս.- Կ՚ուզեմ յստակօրէն յիշեցնել, որ որեւէ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ, այդ կարգին խորհրդարանական, դէմ չէ եղած արտակարգ ընտրութիւններու կազմակերպման, ընդհակառակը՝ ներկայացուցած են պահանջ եւ անհրաժեշտութիւն՝ միաժամանակ նշելով անոր հասնելու շատ յստակ ճանապարհային քարտէզ՝ հրաժարական, անցումային կառավարութեան ձեւաւորում, արտակարգ ընտրութիւններու կազմակերպում: Ընդդիմութիւնը մօտ 10 օր առաջ ալ վերահաստատած է իր պահանջը, օրակարգը, ճանապարհային քարտէզը: Հետեւաբար՝ մեր մօտեցումներուն մէջ ոչինչ փոխուած է: Պայքարը բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուի, 20 Փետրուարին մեծ հանրահաւաք պիտի կազմակերպենք: Պիտի կազմակերպուին երթեր, ցոյցեր, անհնազանդութեան տարբեր գործողութիւններ: Կրկնեմ՝ եթէ իրենց կը թուի, որ իրենց դաւաճանութիւնը կեղծ օրակարգերով ծածկելով, հանրութիւնը խաբելով, ուժով իշխանութիւնը պահելով պիտի մարսուի ժողովուրդին կողմէ՝ չարաչար կը սխալին:
«Թ.»-Մինչ ընդդիմութիւնը կ՚ըսէ, որ օրակարգի վրայ ոչինչ փոխուած է, կը պայքարի, իշխանութիւնը հանրահաւաքներ կ՚իրականացնէ, կը շարունակէ մտահոգիչ գործընթացները թէ՛ Արցախի, թէ՛ ՀՀ սահմանային բնակավայրերու մէջ:
Ի.Ս.- 9 Նոյեմբերէն սկսած, անկէ առաջ ալ բազմիցս ըսած ենք, որ այս մարդոց իշխանութեան վրայ մնալու իւրաքանչիւր օր կորուստ է մեր հայրենիքին համար: Այո՛, քանի դեռ գոյութիւն ունի այս չարիքի կառավարութիւնը, կարելի չէ որեւէ լաւ բանի սպասել: Իշխանութեան խմբակը ի վիճակի չէ պահելու ժողովուրդին շահերը, ընդհակառակը՝ տպաւորութիւն կայ, որ ան կը  սպասարկէ թշնամի երկրին շահերը: