Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, խրախճանք, ճոխ եւ առատ ուտելիքներով վայելելու օր:
Եկեղեցական օրացոյցին մէջ յաճախ կը հանդիպինք Բարեկենդանի յիշատակութեան, որովհետեւ կարեւոր պահքերը ունին իրենց բարեկենդանը:
Սակայն, բարեկենդաններու մէջ յատկանշական է Մեծ Պահքի – մեծ կը կոչուի, պահքերէն ամէնէն երկարատեւը ըլլալուն համար – Առաջին Կիրակի օրը, որ կը կոչուի Բուն Բարեկենդան,  ինչպէս նաեւ Ուտիքի Կիրակի: Այս առիթով կը պատրաստուի ճոխ սեղան, առատ ու համադամ ուտելիքներով, կը կատարուին դիմակաւոր խաղեր, զբօսանքներ եւ խրախճանքներ:
Նոյնիսկ վանքերու մէջ Բուն Բարեկենդանի օրը որոշ ազատութիւն կը տրուէր վանականներուն եւ այդ օրը կը կոչուէր Աբեղաթող:
Ժողովրդական լեզուով Բարեկենդանը կը կոչուի Բարեկենդանք կամ Բարկենտանք, ոմանք մինչեւ իսկ զայն կը կոչէին Բարիկենանք: Բարեկենդանի սովորոյթները, խաղերը եւ խրախճանքները կը կատարուին զանազան ձեւերով եւ խրախճանքներուն խորքը կը կազմէ ազատութիւնը: Սովորութիւն է նաեւ ո՛չ միայն Բարեկենդանի Կիրակին, այլ նաեւ անոր նախընթաց ամբողջ շաբաթը – որուն ընթացքին կարեւոր սուրբերու տօներ կը յիշատակուին – բարեկենդան նկատել եւ Բարեկենդանի շաբաթ կոչել:
Եւրոպական լեզուով Բարեկենդանը կը կոչուի Քարնավալ: Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ ալ Բարեկենդանը կը յիշատակուի բացառիկ շուքով եւ հանդիսութեամբ, տեղի կ՚ունենան հետաքրքրական տողանցքներ, ցուցադրութիւններ եւ ժողովրդական խրախճանքներ:
Բուն Բարեկենդանի հանդիսութիւններուն, խաղերուն եւ խրախճանքներուն ընթացքին, դիմակ գործածելու ու ծպտուելու սովորութիւնը ըստ որոշ բանասէրներու հեթանոսական ծագում ունի նաեւ մեր մօտ, եւ դիմակ հագնիլը Հայաստանի մէջ շատ հին սովորութիւն է եւ կապուած է Նաւասարդեան հեթանոսական տօնակատարութիւններուն:
Սովորութիւն է նաեւ իրարու այսպիսի բարեմաղթութիւններ կատարել. «Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան» կամ ալ Բարեկենդանի յաջորդ երկուշաբթի օրը քահանային կամ համագիւղացիներուն ըսել.  «Շնորհաւոր ապաշխարանք Քրիստոսի»: Արդարեւ Բուն Բարեկենդանի յաջորդող Երկուշաբթիով սկիզբ կ՚առնէ մեծ պահքի եւ ապաշխարութեան շրջանը, որ եօթ շաբաթ  կը տեւէ՝ մինչեւ Ս. Զատիկ:
Մեծ Պահքէն առաջ Բուն Բարեկենդանի կերուխումի եւ առատութեան՝ այս մեկնաբանութիւնն ալ կը տրուի. Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ հրեշտակը Եղիային այսպէս կը խօսի. «Ելի՛ր, կե՛ր, որովհետեւ երթալու ճամբադ երկար է» (Գ թագ. 19.7): Այդ երկար ճանապարհորդութիւնը քառասնորդացի պահեցողութեան շրջանն է:
Բուն Բարեկենդանը իր հրճուալի տօնախմբութիւններով եւ կերուխումով, բայց միանգամայն եկեղեցւոյ արարողակարգով՝ Պահոց շրջանի եւ ապաշխարութեան սկիզբ տալով, մեզ կը յիշեցնէ դրախտի հոգեւոր երջանկութիւնը եւ ուրախութիւնը, նախքան մարդուն մեղքի պատճառով դրախտէն արտաքսումը:
Բուն Բարեկենդանի Կիրակին նախորդող օրը, Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, եկեղեցիի խորանին վարագոյրը կը գոցուի, խորանը կը ծածկուի, եւ այդպէս փակ կը մնայ ամբողջ քառասնօրեայ պահքի ընթացքին:
Բարեկենդանի Կիրակիէն սկսեալ՝ Ս. Պատարագը կը մատուցուի փակ վարագոյրի ետեւէն: Այսպիսով սկիզբ կ՚առնէ քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը ի պատրաստութիւն Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան: Այս շրջանին Աւետարանը չեն համբուրեր եւ չեն բարձրացներ:
Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ կամ այս շրջանին յիշատակուող կարեւոր սուրբերու  տօներուն, երբ հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցուի, վարագոյրը կը բացուի եւ տեղի կ՚ունենայ բաց պատարագ:
Բուն Բարեկենդանի Կիրակին յիշատակումն է արարչութեան խորհուրդին ու կը կոչուի «Ադամի մուտքը դրախտ», որու շարականներուն հեղինակը Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետն է. ան կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Աստուած մարդը ստեղծելէն ետք զինք կը դնէ «փափկութեան դրախտին» մէջ, ուր Ադամ «ցնծայր զուարճացեալ անտխրական ուրախութեամբ» (անտխուր, ցնծալից ուրախութեամբ) եւ Աստուծոյ տեսութեամբ կ՚ապրէր: Շարականներու առանցքը առաջին մարդուն՝ Ադամին երջանիկ վիճակն էր դրախտին մէջ՝ նախքան Աստուածային պատուիրանին անհնազանդ գտնուիլն ու մեղանչելը: Ադամ ուրախ էր ճաշակելով դրախտի բարիքները. Հայրապետը մեզ ալ կը հրաւիրէ  ճաշակելու եւ սնանելու Աստուծոյ խօսքով, Անոր կամքը կատարելու, մեզի տրուած պատուիրանները գործադրելու եւ զարդարուելու Աստուծոյ օրէնքներով, ինչպէս Ադամ նախքան մեղանչելը զարդարուած էր առաջին պատմուճանով՝ Աստուծոյ շնորհքով եւ աստուածատիպ պատկերով:
Քրիստոս կը յիշատակուի որպէս երկրորդ Ադամ, որ Իր հնազանդութեամբ Հօր Աստուծոյ կամքին, մեր՝ մեղաւորներուս մեղքերը քաւեց, մեզ վերստին արժանի դարձուց Դրախտին եւ Աստուծոյ տեսութեան:
Բուն բարեկենդանը յաջորդող Կիրակին կը կոչուի «Արտաքսման Կիրակի» եւ մեզ կը յուշէ ադամին անհնազանդութիւնը Աստուծոյ պատուիրանին, եւ անոր դրախտէն արտաքսումը:
Քառասնորդաց պահոց շրջանը ըստ աւանդութեան սահմանուած է առաքեալներուն կողմէ, Քրիստոսի անապատի մէջ քառասուն օր պահեցողութեան օրինակով, որ    կը կայանայ կերակուրներէ հրաժարումի եւ ժուժկալութեան մէջ, կը հանդիսանայ նաեւ խոկումի, ինքնաքննութեան, զղջումի, ապաշխարութեան, աղօթքի, առաքինութիւններու ձեռք բերման եւ բարեգործութեան օրեր:
Բուն բարեկենդանով մենք կ՚ուրախանանք, որովհետեւ բարեխնամ Տէրը մեզի Քառասնորդաց շրջանը շնորհեց որպէս մեր մեղքերէն բժշկուելու, մեր թերութիւններէն եւ ախտերէն ձերբազատելու, մեր հոգին մաքրելու, եւ վերստին Աստուծոյ որդեգրութեան արժանանալու ու Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան վերանորոգուած հասնելու միջոց:
Այս դժուարին օրերուն, աւելի քան երբեք կարիք ունինք մարդասէր եւ բարեգութ Աստուծոյ օգնութեան, պաշտպանութեան, ողորմութեան, մխիթարանքին, օրհնութիւններուն, շնորհքներուն, յատկապէս՝ հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել ամէն դժուարութիւն եւ խոչընդոտ. գօտեպնդուիլ, վերանորոգուիլ եւ շարունակել մեր այս երկրաւոր ճանապարհորդութիւնը առաքինի եւ օրինակելի կենցաղով՝ իբրեւ իսկական մարդ, քրիստոնեայ եւ հայ, Տիրամօր ու սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ օրինակով՝ արժանանալու երկնքի անսպառ երջանկութեան, յաւիտենական կեանքին: Աւելին. սուրբերուն եւ մեզ կանխող մեր սիրելիներուն միանալով փառաբանելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին:
Շնորհաւոր Բարեկենդան, օրհնաբեր Քառասնորդաց շրջան, բարո՛վ հասնինք Ս. Յարութեան:
Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան