Ատրպէյճանի մէջ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թեմի Առաջնորդ Արք. Վլատիքա Ալեքսանդր անցեալ ամիս հարցազրոյց մը տուաւ «Քրիստոնէութիւնն Այսօր» (Christianity Today) ամսագիրի թղթակից Ճէյսըն Քէսփըրին՝ անամօթաբար տարածելով ատրպէյճանական քարոզչութիւն՝ վատաբանելով հայերը եւ գովաբանելով Ատրպէյճանը։ Ան աւելի շատ խօսած է բըռնապետ Իլհամ Ալիեւի խօսնակի պէս, քան՝ Աստուծոյ ծառայի։ Հոգեւորական մը, որ առանց տատանելու իր հոգին կը ծախէ սատանային…: Զարմանալի չէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը անմիջապէս տեղադրեց անոր հարցազրոյցը դիմատետրի իր էջին վրայ:
Արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր սկսաւ իր հարցազրոյցը՝ ըսելով, որ «Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ 1500 տա-րուան խզումը բարդացուցած է յարաբերութիւնները: Մենք ունինք ընդհանուր սուրբ գիրքեր եւ աւանդոյթներ, բայց յարաբերութեան մէջ չենք»։
Ռուս արքեպիսկոպոսը գիտակցաբար ստեց՝ ըսելով, որ «Ատրպէյճան ունի բազմամշակութային ընկալման բարձր մակարդակ եւ կը պահպանէ կրօնական յուշարձանները: Պաքուի մէջ հայկական եկեղեցիներն ու գրադարանները պահպանուած են: Խաղաղութեան պայմանագրութեան ստեղծման պարագային՝ այդ յուշարձանները դարձեալ կ՚օգտագործուին, այնպէս, ինչպէս պէտք է»։ Արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր կը սխալի: Պաքուի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներ չկան:
Տարօրինակ է, որ ռուս արքեպիսկոպոսը մեղադրեց «հայերը՝ իրենք զիրենք խաբելու յանցանքով»: Ան ըսաւ, որ հայերը «շատ կը ցաւին, որ ստիպուած եղած են լքելու» Ատրպէյճանը: Արքեպիսկոպոսը հաւանաբար մոռցած էր Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ հատուածներու մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ անմեղ հայերու դէմ ի գործ դրուած կոտորածները:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք ան կը փափաքէ՞ր հեռաձայնել Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ռուս արքեպիսկոպոսը հեգնանքով պատասխանեց. «Ես անոր հեռաձայնին թիւը չունիմ (ժպտելով)»:
Ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրուցավարի մէկ հարցումին, ռուս արքեպիսկոպոսը կրկին ստեց՝ ըսելով, որ «Պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու պահուն: Մենք ունինք շատ տխուր փաստեր՝ Ատրպէյճանի տարածքին հայկական ուժերու գործողութիւններուն մասին: Ունինք հայկական կողմին ձեռքով սպանուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներ, հետեւաբար, որո՞ւն պէտք է դիմել «ցեղասպանութիւն» բառով»։ Ապա ան աւելցուց. «Ատրպէյճանցիները իրենց սրտին մէջ ատելութիւն չունին»՝ մոռնալով վերջին պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ հայերու գլխատումները, տակաւին չխօսելով Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ աւելի կանուխ տեղի ունեցած ջարդերուն մասին:
«Քրիստոնէութիւնն Այսօր» ամսագիրը յայտնած է, որ Արցախեան վերջին պատերազմին սկիզբը ռուս արքեպիսկոպոսը «ստորագրած է ատըրպէյճանական միջկրօնական նամակ՝ շնորհաւորելով նախագահ Իլհամ Ալիեւը զինուորական յաղթանակներուն առիթով»:
Ի պատասխան այս հակահայ յայտարարութիւններուն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան կոշտ նամակ մը յղած է ռուս ուղղափառ արքեպիսկոպոսին՝ քննադատելով զայն իր կեղծ մեղադրանքներուն համար. «Քրիստոնէութիւնն Այսօր» ամսագիրին ձեր տուած հարցազրոյցին պատասխանելը կը դիտուի որպէս ժամանակի եւ ջանքերու կորուստ, քանի որ կ՚ըլլայ պատասխան մարդու մը, որ զուրկ ըլլալով խոնարհութենէ, պատմական գիտելիքներէ, կը փորձէ խեղաթիւրել պատմական անվիճելի փաստերը, սակայն առաջին հերթին կը խեղաթիւրէ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ: Աւելին, ձեր ամբարտաւանութիւնը բաւական զարմանալի է Տիրոջ՝ Քրիստոսի հովիւին համար»:
«Դուք կը խօսիք միասին ապրելու ուղիներ փնտռելու մասին: Անշուշտ, մենք համաձայն ենք, որ երկու կողմերն ալ պէտք է միասին ապրելու ուղիներ գտնեն: Սակայն, երբ մէկ դար առաջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած երկիրը՝ սպանելով մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր, կը մերժէ ընդունիլ ակնյայտ փաստերը, եւ, ասկէ զատ, բացայայտօրէն կ՚աջակցի Ատրպէյճանի, դժուար է միատեղ կեանքի ուղիներ գտնել: Աւելին, երբ նոյն երկիրը կը ղեկավարէ Ատրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները, կ՚ուղարկէ յատուկ նշանակութեան իր ջոկատները, կը հաւաքագրէ հազարաւոր արմատական իսլամիստներ՝ քրիստոնեայ հայերը սպանելու համար, դժուար կը դառնայ հաշտուիլը: Երբ այդ երկրի ղեկավարը կը խոստանայ «շարունակել  այն առաքելութիւնը, զոր մեր պապերը դարեր շարունակ կատարած են Կովկասի մէջ» (Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան, 24 Յուլիս, 2020), չէ՞ք կարծեր, որ հաշտութեան փորձերը կասկածի տակ կ՚առնուին»:
«Դուք կ՚ըսէք, որ հայերը ատելութեամբ լեցուած են Ատրպէյճանի հանդէպ: Երբ ատրպէյճանական բանակի սպան կը կացինահարէ հայոց բանակի քնացած սպան եւ հետագային այդ ոճիրը կը ներուի անոր՝ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ, ան ոչ միայն կ՚ազատի պատիժէն, այլեւ նոյն նախագահին կողմէ կը ստանայ Ատրպէյճանի «հերոս»ի կարգավիճակ, ձեզմէ կը խնդրեմ, որ դուք տաք ատելութեան սահմանումը։ 26 Մայիս, 2020-ին Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը յայտարարեց, որ «ըստ իրեն, Ռամիլ Սաֆարովի դէմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պատիժ չկիրարկելը եւ, փաստօրէն, զայն անպատիժ ձգելը՝ ատելութեան հողի վրայ կատարած ծանր յանցանքին համար, ոչ մէկ արդարացում ունի»։ Արդեօք իսկական ատելութիւն չէ՞ ընկերային  ցանցերու մէջ  տեսանիւթերու կանխամտածուած տարածումը, թէ ատրպէյճանցի զինուորները ինչպէ՛ս ցնծալով կը սպաննեն, մաշկազերծ կ՚ընեն եւ կը գլխատեն հայ ռազմագերիները»։
«Դուք կը պնդէք՝ ըսելով, որ «Ատրպէյճան ունի բազմամշակութային ընկալման բարձր մակարդակ եւ կը պահպանէ իր կրօնական յուշարձանները: Պաքուի մէջ հայկական եկեղեցիներն ու գրադարանները պահպա-նուած են»: Ինչպէ՞ս կրնաք նման անխոհեմ բան պնդել, երբ գոյութիւն ունի տեսանիւթ՝ Նախիջեւանի մէջ հայկական խաչքարերու նպատակային ոչընչացման մասին, որ համակարգուած կերպով կ՚իրականացուի՝ տարածաշըրջանին մէջ հայկական ժառանգութեան բոլոր հետքերը ընդմիշտ ջնջելու նպատակով»:
«Դուք կ՚ըսէք, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բաւարար ջանքեր չի գործադրեր խաղաղութեան հաստատման համար։ Յիշեցնեմ, որ 2010-ին, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. ուղեւորուեցաւ Ատրպէյճան, հանդիպում ունեցաւ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի (Ատրպէյճանի մեծ մուֆթի) եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Պաքուի մէջ խաղաղ բանակցութիւններու ստեղծման համար»:
«Ձեր հարցազրոյցի պատասխաններուն արձագանգելը իսկապէս անօգուտ է, քանի որ պատմութեան եւ ճշմարտութեան հանդէպ յարգանքի բացակայութիւնը ակնյայտ է»:
Ասոնք սուր խօսքեր են՝ ուղղուած մէկ հոգեւորականէն միւսին։ Ես կ՚առաջարկեմ, որ մնացեալ  հայ հոգեւորականները եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը նամակներ գրեն Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլի, որ բացառիկ իրաւասութիւն ունի Ատրպէյճանի ռուս ուղղափառ քրիստոնեաներու նկատմամբ՝ բողոքելով արքեպիսկոպոս Ալեքսանդրի ամօթալի յայտարարութիւններուն դէմ։
Զարմանալիօրէն, 25 Յունիս 2017-ին Ալեքսանդր Արքեպիսկոպոս Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքարանին կողմէ պարգեւա-տրուած է մետալով՝  միջկրօնական երկխօսութեան խթանման եւ ամրապընդման մէջ իր նշանակալի աւանդին համար: Պատրիարք Քիրիլ, իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ գովաբանած է արքեպիսկոպոս Ալեքսանդրը՝ «յատուկ նրբանկատութեամբ եւ դիւանագիտական… հմտութիւններով իր աշխատանքը այդ երկրին մէջ (Ատրպէյճան)  կատարելուն  համար,  ուր  իրարու  հետ  կողք-կողքի կ՚ապրին  զանազան  դաւանանքներու  եւ  ազգութիւններու  ներկայացուցիչներ»:
Ակներեւ է, որ հայերու մասին այսպիսի կեղծ յայտարարութիւններ ընելէ ետք, արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր ձախողած է իր «միջկրօնական» պարտականութիւններուն մէջ: Պատրիարք Քիրիլը պէտք է յորդորել, որ ետ վերցընէ անոր տրուած մետալը:
Հասկնալի է, որ արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր կը փորձէ հաճոյանալ Ատըրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի: Այսուամենայնիւ, Աստուծոյ ծառան պէտք չէ ստէ որեւէ պատճառով կամ որեւէ պարագայի: Պատրիարք Քիրիլ պէտք է ըսէ արքեպիսկոպոս Ալեքսանդրի, որ պարտի ներողութիւն խնդրել իր սուտերուն համար, այլապէս պէտք է, որ  զայն  զրկէ  հոգեւորականի աստիճանէն:
Յարութ Սասունեան