«Երկիր».-1927-էն առայսօր Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի թուայնացուած հաւաքածոները,  ոչ միայն օրաթերթի թիւերը, այլեւ յաւելուածները, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան Հայաստանի Ազգային Գրադարանին տրամադրեց:

Այս առիթով յուշագիր ստորագրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանին եւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին միջեւ:

«Ազգային Գրադարանի հետ մեր գործակցութիւնը  ճամբայ անցած է: Ամենակարեւորը, յատկապէս, Միջին Արեւելեան տարածաշրջանին մէջ լոյս տեսնող պարբերականները, որոնք նաեւ պատերազմի պատճառով վտանգուած են, շատ կարեւոր է թուային տարբերակները ամբողջովին բերել այստեղ, որովհետեւ պահպանման ամենամասնագիտական ձեւն է»,ըսաւ Շահան Գանտահարեան:

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան յայտնեց, որ գործակցութեան համաձայն,«Ազդակի» 100-ամեակին` 2027թ-ին, Ազգային Գրադարանը կ’ունենայ «Ազդակի» մատենագիտութիւնը:

«Յոյս ունինք` սա  նախադէպ պիտի ըլլայ Սփիւռքի մամուլին հետ աշխատելու», ըսաւ Չուլեան:

Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ «Ազդակի» ամբողջ արխիւը մատենագիտական աշխատանքի պատրաստելը որոշուած է անցեալ տարի Հայ Դատին նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին:

«Մասնագիտական աշխատանքը, որ այստեղ կը կատարուի մատենագիտական առումով` նեղ մասնագիտական եւ՛ քոտաւորումի, եւ որոնմա՛ն, եւ՛ ըստ նիւթի, ըստ աղբիւրի, ըստ հեղինակի, ըստ խորագիրի, տեղանուններու, ազգանուններու, գոնէ մամուլի պարագային այս աշխատանքներուն վայրը Հայաստանն է եւ Ազգային Գրադարանը»,կարեւոր համարեց Շահան Գանտահարեան:

Ան ըսաւ, որ իրենց համար մեծ նշանակութիւն ունի, որ «Ազդակ» թերթի 100-ամեակին ընդառաջ այս աշխատանքները աշխուժ ձեւով կը կատարուին մատենագէտներու կողմէն:

«Կը կարծեմ, որ այս հսկայական նիւթի մատենագիտութեան պատրաստութիւնը շատ մեծ արխիւային, սկզբնաղբիւրային օգտակարութիւն կ’ունենայ մամուլի ուսումնասիրութեան եւ Սփիւռքի պատմութեան գիտահետազօտողներուն համար», ըսաւ օրաթերթի խմբագիրը:

Վերջին տարուան լարուած իրողութիւնները` պատերազմը եւ յետպատերազմական իրողութիւնները, Գանտահարեանի խօսքով, աշխուօրէն լուսաբանուած են «Ազդակ» օրաթերթի մէջ` մեկնաբանութիւններով, վերլուծականներով եւ արտատպումներով:

«Բայց «Ազդակը» պէտք է համաժամանակեայ ձեւով լուսաբանէր եւ՛ միջինարեւելեան ճգնաժամը, որուն ենթարկուած են նաեւ հայ համայնքները, եւ՛, յատկապէս, վերջին շրջանի Լիբանանը, որ նաեւ կը դիմագրաւէ ոչ միայն պսակաձեւ ժահրի  համավարակի ծանր հետեւանքները, այլ նաեւ անվտանգութեան, ապահովութեան, քաղաքական անորոշութեան եւ, իբրեւ այս բոլորի հետեւանք, տնտեսական ամենածանր, աննախադէպ, ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին նման խորութեամբ նախադէպը չունեցող ճգնաժամը: Կ’ուզեմ ըսել, որ ճգնաժամային տեղեկատուութեան փորձառութեան կ’ենթարկուի ոչ միայն «Ազդակը», ընդհանրապէս, Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող` եւ՛ լիբանանեան թերթերը, եւ՛ հայկական օրաթերթերը», ըսաւ Գանտահարեան:

Ան նկատեց, որ «Ազդակը», ըլլալով Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը, բնականաբար, իբրեւ սկզբնաղբիւր օգտուած է նաեւ «Երկիր» լրատուական կայքի, «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութան տեղեկութիւններէն, բայց բաց տեղեկատուական աղբիւր է, եւ, մանաւանդ պատերազմի օրերուն, յենուած էր պաշտօնական լրահոսին վրայ:

Շահան Գանտահարեանն ըսաւ, որ «Ազդակի» պարագային եւ՛ տպագիր պարբերականն է ամէն օր լոյս կը տեսնէ, եւ՛ էլեկտրոնային: Սակայն կայքային բովանդակութիւնը որոշ երանգներով կը տարբերի տպագիրի բովանդակութենէն: Բացի այդ, կայ նաեւ արագ լրահոսի դրութիւն, որովհետեւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ ապրող եւ գործող լրատուամիջոցը պարտաւոր է նաեւ շատ արագ, ներգործող լրատուութիւն տրամադրել: