«Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թեդրոս Ատհանոմ Կեպրեյեսուս յայտնած է, որ հինգ շաբաթ անընդմէջ աշխարհի մէջ COVID-19ով հիւանդացութիւնը նուազած է:

«Արդէն հինգերորդ շաբաթն է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ COVID-19 դէպքերու հաղորդումները նուազած են», յայտնած է ան:

Թեդրոս Ատհանոմ Կեպրեյեսուսի խօսքին համաձայն, հինգ շաբթուան ընթացքին շաբաթական գրանցուող նոր վարակներուն թիւը գրեթէ կրկնակի կրճատուած է: