Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան, Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի 15-րդ հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սուսանի, Ասթանայի հովանաւորող պետութիւններու պատուիրակութիւնները՝ ռուսական պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ Ռուսիոյ նախագահի բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւի, իրանեան պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Ալի Ազղար Խաճիի, եւ թրքական համակարգի պատուիրակութիւնը։ Երկօրեայ հանդիպումին իրենց ներկայութիւնը կը բերեն նաեւ Ասթանայի գործընթացին հսկող պետութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Իրաքէն, Լիբանանէն եւ Յորդանանէն։ Կը մասնակցին նաեւ ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի քարտուղարի բանագնաց Կիր Պետըրսընի, Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչը եւ «սուրիական զինեալ ընդդիմութեան» ներկայացուցիչները։ Հանդիպումին առաջին օրը մասնակցող պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ փակ նիստեր պիտի գումարուին, իսկ երկրորդ օրը ընդհանուր եզրափակիչ նիստը պիտի գումարուի եւ մասնակցող պատուիրակութիւնները եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակեն։