«Երկիր».- 19 Փետրուարին ՄԱԿ-ի մէջ որպէս պաշտօնական փաստաթուղթ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին` ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կիւտերէշին ուղուած նամակը` Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն այդ երկրի տիրապետութեան տակ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգային եւ դիտաւորեալ ոչնչացուցումին առնչութեամբ, որ միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է:

Նամակներուն մէջ մանրամասն փաստեր  ներկայացուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն նմանատիպ յանցագործութիւններու հետեւողականօրէն իրականացման` նախկին ԽՍՀՄ ժամանակաշրջանին, ապա նաեւ յաջորդող տարիներուն` նպատակ ունենալով մասնակիօրէն կամ ի սպառ ոչնչացնել ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական ներկայութեան որեւէ վկայութիւն:

Հայկական մշակութային ժառանգութեան կործանումի  ամենաողբերգական փաստը նշուած է 1997-2006 թթ. Նախիջեւանի Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան  քանի մը հազար միջնադարեան խաչքարերու դիտաւորեալ աւերումը:

Նամակին մէջ  նաեւ տեղեկացուած է, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ 1992-1994 թթ. Արցախի Հանրապետութեան դէմ ռազմական յարձակումի ընթացքին Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն հիմնայատակ քանդուած եւ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են հայկական 167 եկեղեցիներ, 8 վանական համալիրներ եւ 123 գերեզմանատներ: Նոյն ժամանակահատուածին մօտաւորապէս 2500 հայկական խաչքարեր եւ աւելի քան 10 000 հայկական գերեզմանաքարեր  աւերուած եւ օգտագործուած են որպէս շինանիւթ: