«Երկիր».-ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը 23 Փետրուարին, այցելած է Ասկերանի հրասայլ-յուշարձան եւ հոն տեղակայած է Արցախի Հանրապետութեան դրօշը:

Երիտասարդները ծաղիկներ զետեղած են հրասայլ-յուշարձանին՝ ի յիշատակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած կամաւորներուն եւ զինուորներուն:

Երիտասարդները սահմանագիծի մէջ յայտնուած հրասայլ-յուշարձանի տարածքէն մօտակայ հայկական եւ ատրպէյճանական յենակէտերը դիտարկելէն վերջ  կատարած են տարածքի մաքրումի եւ բարեկարգումի աշխատանքներ:

ՀՅԴ ԱԵՄ-ի անդամները  հանրութեան կոչ ուղղած են մաքուր պահելու եւ խնամքով վերաբերելու յաղթանակը խորհրդանշող մեր նշանաբաններուն նկատմամբ:

Երիտասարդները այցելած են նաեւ հայ սահմանապահներուն, միասին հաց բանեկցած են, զրուցած եւ ծանօթացած են զինուորներու առօրեային: