Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի բնակիչները կը փորձեն վերադառնալ բնականոն կեանքի, սակայն անոնց համար գլխաւոր հարցը կը շարունակէ մնալ գիւղին կարգավիճակի հարցը, կը հաղորդէ 168.am-ը՝ զրուցելով Աղաւնօ համայնքի ղեկավար, ՀՅԴի անդամ Անդրանիկ Չաւուշեանի հետ։

«Ես որեւէ կողմէ բացատրութիւն չեմ ստացած՝ ո՛չ գրաւոր, ո՛չ բանաւոր․ ինծի որեւէ հեռաձայն, խօսք չէ եղած, որ գիւղէն պէտք է հեռանանք։ Գոնէ, եթէ նման զանգ ըլլայ, կը հարցնենք, թէ ինչո՛ւ պէտք է հեռանանք։ Ինծի համար յստակ է, որ եթէ մինչեւ այսօր մնացած ենք, ուրեմն՝ պիտի մնանք։ Մենք այստեղէն դուրս չենք գար, ով ինչ ուզէ թող ընէ», ըսաւ Չաւուշեան, որ պատերազմէն ի վեր գիւղէն բացակայած է միայն մէկ օրով՝ Եռաբլուր երթալու համար։

«Դուրս ելլելու նպատակ ալ չկայ՝ գիտակցելով, որ Քարվաճառի ճակատագիրն ալ այստեղ կ՛որոշենք։ Պատերազմէն ետք մենք կը հսկէինք, որ մարդոց տուները չթալանուին։ Մենք այդ ժամանակ յստակ ըսած էինք, որ մենք մեր գիւղէն դուրս եկողը չենք», կը նշէ ան։ Ըստ համայնքապետին՝ բնակիչներուն մէկ մասը վերադարձած է Աղաւնօ։

«Մարդոց տունը կայ, չէ թալանուած, պէտք է բոլորն ալ վերադառնան, հակառակ անոր, որ բնակիչները անվտանգութեան երաշխիքներ կ՛ուզեն․ ես անոնց հետ համաձայն եմ։ Պետական մարմիններէն անվտանգութեան երաշխիքներ կ՛ուզեն, երեւի ոեւէ մէկը չի կրնար երաշխաւորել։ Բայց մենք ըսած ենք, որ մեր երաշխիքը մեր ընտանիքն է․ ես իմ ընտանիքով Աղաւնոյի մէջ եմ։ Հիմա ով որ գայ՝ բարով գայ, իսկ ան որ չի վերադառնար, անոր փոխարէն ուրիշ հայ մը կու գայ», աւելցուց Չաւուշեան։

Ըստ անոր՝ Աղաւնոյի վարչական շրջանի վարելահողերուն մէկ մասը անցած է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, իսկ այլ մաս մը անոնց նշանառութեան տակ է։

«Հակառակ այս բոլորին, մենք մեր հողերը պիտի մշակենք, ատրպէյճանցին չի կրնար արգելք ըլլայ մեզի, ի՞նչ պէտք է ընեն, կրակե՞ն։ Թող պատկան մարմինները մտածեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերաբերին այս հարցին հետ։ Հայը իրաւունք ունի ապրելու իր հողին վրայ, աշխատելու եւ արարելու իրաւունք։ Թէեւ քաղաքական դաշտը այդքան ալ յստակ չէ, անորոշութիւն է, բայց ժողովուրդը պէտք է ամէն ինչ ընէ։ 9 Նոյեմբերէն ետք, ատրպէյճանական կողմը երկու անգամ փորձեց մտնել մեր տարածքը, կանխարգիլեցինք, կապ հաստատեցինք խաղաղապահներուն հետ եւ կոչ ըրինք, որ գան ու հարցին լուծում տան։ Խաղաղապահները եկան եւ արձանագրեցին, որ խախտում եղած է, որովհետեւ թշնամին 2․5 քմ․ առաջ եկած էր», կը նշէ Չաւուշեան, որ նաեւ տեղեկացուց, որ գիւղին դպրոցը վերաբացուած է եւ մանուկները արդէն շատոնց կը յաճախեն դպրոց։